Ներողութիւն Հայցէք Հայ-Ժողովուրդէն. Իրաքի Կրօնական Ազգային Խորհուրդի Նախագահը` Թուրքիոյ Կառավարութեան

Ապրիլ 15-ին Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպան Հրաչեայ Փոլադեան դեսպանութեան մէջ ընդունեց Իրաքի Կրօնական ազգային խորհուրդի նախագահ Շէյխ Եուսըֆ ալ-Նասըրին (Shaykh Yousif Al-Nasri), Իրաքի կառավարութեան կից Համակեցութեան եւ համայնքային խաղաղութեան մշտական յանձնաժողովի անդամները, ինչպէս նաեւ` անոնց ուղեկցող հոգեւորականներու պատուիրակութիւնը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, հանդիպման ընթացքին իսլամական հոգեւոր առաջնորդները ներկայացուցին Իրաքի մէջ ազգային եւ կրօնական միջհամայնքային փոքրամասնութիւններու համագործակցութեան ամրապնդման ուղղուած աշխատանքները` ընդգծելով իրաքահայ համայնքի եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Իրաքի թեմի անգնահատելի դերն այս գործին մէջ` յատկապէս պատերազմական եւ ատոր յաջորդած ժամանակահատուածին:
Հոգեւոր առաջնորդներուն հետ հանդիպման քննարկուեցան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հետ առնչուող հարցեր: Իրաքի Կրօնական ազգային խորհուրդի նախագահ Շէյխ Եուսըֆ ալ-Նասըրին, խստօրէն դատապարտելով Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրագործուած անմարդկային ոճրագործութիւնը, ընդգծեց, որ թրքական ներկայ իշխանութիւնները, յանուն իրենց սերունդներուն, պէտք է հայցեն հայ ժողովուրդի ներողամտութիւնը կատարուածին համար:
Հանդիպման աւարտին հոգեւոր առաջնորդները փոխանցեցին իրենց ողջոյններն ու բարեմաղթանքները Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին` շեշտելով Իրաքի մէջ կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ իրաքեան իշխանութիւններու պետական հոգածութիւնը` կարեւորելով յատկապէս Իրաքի բազմազգ եւ բազմակրօն խճանկարին մէջ երկու ժողովուրդներու միջկրօնական համերաշխութեան ուղղուած կապերու զարգացման անհրաժեշտութիւնը: