Ապրիլ 22-ին Աստուածամօր Տաճարին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Պատարագ Պիտի Մատուցուէր

Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ, որ երէկ յայտնուեցաւ հրդեհի ճիրաններուն մէջ, Ապրիլ 22-ին նախատեսուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած պատարագ: Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր: Այս մասին որոշումը Ապրիլ 10-ին ստորագրեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն:

Որոշումին մէջ կը նշուի, որ ամէն տարի այս օրը Փարիզի ու շրջաններուն մէջ պիտի կազմակերուին յիշատակի ձեռնարկներ:

Նշենք, որ ամէն տարի Ապրիլ 24-ին Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները, Ֆրանսայի քաղաքական գործիչները, կ՛այցելեն Փարիզի Գանատայի հրապարակին վրայ գտնուող Կոմիտասի յուշարձան եւ յարգանքի տուրք կը մատուցեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Scroll Up