Երիտասարդներու Փաստարկներէն Ետք Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Գործիչը Հեռացած Է Իր Իսկ Գիրքի Շնորհանդէսէն
Մոսկուայի նոր Արբատի «Տոմ կնիգի» գրախանութին մէջ ամերիկացի գործիչ, Վիրջինիայի «Marine Corps» համալսարանի ռազմական պատմութեան փրոֆէսոր, նախկին բարձրաստիճան զինուորական գործակալ Էտուարտ Էրիքսընի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող հերթական գիրքի շնորհանդէսը խափանած է խումբ մը հայ երիտասարդներու շնորհիւ: Շնորհանդէսին ներկայ Մոսկուայի թրքական եւ ատրպէյճանական համայնքներու գործիչներու ներկայութեամբ անոնք ցեղասպանութեան հարցով բանավէճի մէջ մտած են հեղինակին հետ: «Ռատիոլուրը» կապ հաստատած է տղաներէն մէկուն հետ` միջադէպի մանրամասները պարզելու համար:
Դաւիթ Աղաջանեանի խօսքով` իրենք իմացած էին այս գիրքին մասին, թրքական համայնքէն ձեռք բերած էին, ուսումնասիրած: Հայ համայնքի քանի մը ներկայացուցիչներով նախապէս որոշած էին երթալ այնտեղ եւ խօսքով հանդէս գալ: Համայնքի ջանքերուն շնորհիւ գրախանութը հեղինակին թոյլ չէ տուած, որպէսզի պաշտօնական տօնական արարողութիւն տեղի ունենայ, որ սովորաբար տեղի կ՛ունենայ Էրիքսոնի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող գիրքի շնորհանդէսի ժամանակ:
Հայ երիտասարդները բանավէճի մէջ կը մտնեն Էրքսոնի հետ: Դաւիթը, մասնաւորապէս, դիմելով ամերիկացի գործիչին կ՛ըսէ.
«Կը հասկնամ ձեր «դժուար» կացութիւնը եւ չեմ ցանկար խօսիլ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին: 2014 թ. կայացած ձեր ելոյթին ժամանակ ըսած էք հետեւեալ խօսքերը. «Պատմութիւնը մանեքեն է, որ դուն կրնաս հագցնել, ինչպէս կը ցանկաս»: Այո, ատիկա «կարկտան է», երբ Աբրահամ Լինքոլնը երկար տարիներ պայքարելէն յետոյ հասաւ ստրկութեան վերացման, ատիկա «կարկտան է», երբ Մարտին Լիւթեր Քինկը իր համակիրներուն հետ կազմակերպեց Ուաշինկթընի երթը եւ արտասանեց «Ես երազանք մը ունիմ» յայտնի ճառը: Կրնամ բերել շարք մը այլ պատմական դրուագներ, որոնք կերտած են ձեր իսկ հայրենիքի պատմութեան փառահեղ էջերը: Ամերիկեան ժողովուրդի գաղափարախօսութիւնը փաստօրէն « կարկտան» եղած է: Ատիկա դուք կ՛ըսէք»:
Այս խօսքերէն յետոյ հեղինակին ջիղերը տեղի տուին: Քանի մը վայրկեան յետոյ ան վեր կեցաւ եւ համեստօրէն «հեռացաւ» իր իսկ գիրքի շնորհանդէսէն` թողնելով շարք մը ազերի եւ թուրք երկրպագուներ, որոնք կը սպասէին, որ մակագրէր իրենց ձեռք բերած գիրքերը:
Դաւիթի եւ հայ երիտասարդներու նպատակն է հեղինակազրկել ԷտուարտԷրիքսոնի` Հայոց ցեղասպանութեան մասին, այսպէս կոչուած, գիտական թեզը: Ըստ անոնց` ատիկա հնարաւոր է լրատուամիջոցներու հետ համագործակցութեան արդիւնքով:
Մարինա Մարտիրոսեան
«Ռատիոլուր»-Մոսկուա