Սփիւռքի Նախարարը Մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Նախաձեռնած Համատեղ Արտագնայ Խորհրդակցութեան
Notice: get_currentuserinfo is deprecated since version 4.5.0! Use wp_get_current_user() instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3839
Յուլիս 20-ին Ջերմուկի ՄԷջ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի նախաձեռնած համատեղ արտագնայ խորհրդակցութեան:
Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին ՄԱԿ ՓԳՀ-ի հիմնական կառավարական գործընկեր Միգրացիոն ծառայութեան պատուիրակութիւնը, սփիւռքի փոխնախարար Դաւիթ Սարգսեան եւ նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան:
Աշխատաժողովի նպատակն էր ծանօթացնել մասնակիցներուն փախստականներու համար միջազգային պաշտպանութիւն ապահովելուն եւ կառավարութեան հայաստանեան ծիրէն ներս երկարատեւ լուծումներ գտնելուն աջակցելու հարցով ՄԱԿ ՓԳՀ դերին հետ:
Մասնակիցները ներկայացուցին ընդելուզման ռազմավարութիւններու մշակման եւ ատոնց տարրերու վերաբերեալ Սփիւռքի նախարարութեան տեսլականը, թէ ինչպէս պէտք է հասցէագրել տեղահանուած բնակչութեան ընդելուզումը նախարարութեան լիազօրութիւններու աւելի լայն շրջանակի ներքոյ, տրամադրեցին Միգրացիոն ծառայութեան կողմէ մշակուած ընդելուզման հայեցակարգի եւ ատոր իրականացման նախնական փորձի մասին տեղեկատուութիւն:


Արևելահայերեն
Русский
English









