Սփիւռքի Հետ Յարաբերութիւնները Նոր Շունչով, Թարմութեամբ, Երիտասարդական Ու Ստեղծարար Մօտեցումներով

Նոյեմբեր 12-ին սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան «UWC Դիլիջան» միջազգային դպրոցի ուսանողներուն ներկայացուց սփիւռքի նախարարութեան «Ներուժ» սթարթափ ծրագիրը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով միջազգային դպրոցի եւ IDeA հիմնադրամի ղեկավարութեան հրաւէրի համար` Մխիթար Հայրապետեան նշեց, որ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն անհարաժշետ են նոր շունչ, թարմութիւն, երիտասարդական ու ստեղծարար մօտեցումներ: «Ես չեմ պնդեր, որ սփիւռքի նախարարութիւնը հիմա աւելի լաւ կ´աշխատի կամ աւելի վատ, ես կը պնդեմ, որ մեր կատարած աշխատանքը կը տարբերի նախորդ նախարարի եւ իր անձնակազմի ըրած աշխատանքէն: Մեր անձնակազմը անմիջապէս սկսաւ փնտռել նորարար ճանապարհներ ստեղծագործ մտքով, արդի արհեստագիտութիւններով սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները կառուցելու համար:  «Data science», նորարար արհեստագիութիւններ բառերը մենք սկսանք օգտագործել ոչ թէ անոր համար, որ ատոնք նորութիւնն են, այլ որովհետեւ մենք կը հաւատանք ատոնց»,-նշեց նախարարի պաշտօնակատարը:

Այնուհետեւ Մխիթար Հայրապետեան ունկնդիրներուն ներկայացուց «Ներուժ» ծրագիրի ստեղծման պատմութիւնը, գաղափարը, որն է` հնարաւորութիւն տալ սփիւռքահայ երիտասարդներուն վերադառանալ Հայաստան եւ այստեղ իրագործել իրենց նորարարական մտքերը:  «Անցեալին նախարարութիւնը փասիւ  աշխատած է սփիւռքի երիտասարդութեան հետ, եւ հիմա սփիւռքի նոր նախարարութեան համար երիտասարդութիւնը` որպէս համագործակցող թիրախային խումբ, առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Եւ այս ծրագիրի մտայղացման  երկրորդ պատճառն այն է, որ մենք կը հաւատանք երիտասարդութեան ներուժին»,-նշեց նախարարի պաշտօնակատարը` աւելցնելով, որ նախարարութեան ծրագիրի կեանքի կոչման սկզիբէն ի վեր միացան IDeA եւ FAST հիմնադրամները, այնուհետեւ Impact Hub-ը, UNDP-ին, Startup Armenia-ն եւ շատ ուրիշ տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններ:

«Ներուժ» ծրագրին ներկայացուած յայտերէն արդէն ընտրուած են այն խումբերը, որոնց երկուական մասնակիցներ դեկտեմբեր 16-21 UWC Դիլիջան քոլեջին մէջ պիտի ներկայացնեն իրենց գաղափարները: Մխիթար Հայրապետեան կը նշէ` մասնակիցներն անհամբեր կը սպասեն Հայաստան գալուն: Դեկտեմբեր 21-ին կը հրապարակուին յաղթողներուն անունները` մինչեւ 10 խումբ, որոնց կը տրամադրուի մինչեւ 15 մլն դրամ դրամաշնորհ, անդամակցութիւն FAST սթարթափ-արհեստանոցին` չորս ամիս շարունակ ամբողջական «քոուչինգի» ու մենտորութեան ծրագիրներէն օգտուելու հնարաւորութեամբ` այսպիսով բացառելով ձախողելու վտանգը, «Impact Hub Yerevan» ընկերութեան մէջ ութ ամսուան փորձառնութեան հնարաւորութիւն, խորհրդատուութիւն եւ այլն:

«Տեղացի երիտասարդները դժգոհութեամբ ընդունեցին մեր այս լուրը` ըսելով, որ իրենք նոյնպէս նախապէս նման հնարաւորութիւններ չեն ունեցած: Եւ սփիւռքի նախարարութիւնը, չունենալով այդ լիազօրութիւնը` աշխատելու հայաստանցի երիտասարդներու հետ, փորձեց գտնել այլընտրանքային տարբերակներ: Եւ մենք գտանք այդ տարբերակը:  «Հայկական Կարիտաս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան շնորհիւ` մենք հնարաւորութիւն կու տանք տեղի երիտասարդներուն դիմել ծրագրին: Բացի այդ, այն սփիւռքահայ երիտասարդներուն, որոնք այստեղ կը սկսին իրենց գործարար գործունէութիւնը, կոչ կ´ընենք իրենց անձնակազմերուն ընդգրկել տեղի երիտասարդներուն եւս»,-նշեց Մխիթար Հայրապետեան` չմոռնալով աւելցնել, որ սա փորձարարական ծրագիր է, նաեւ մարտահրաւէր ու փորձ է, որ պիտի յաջողի:

Այնուհետեւ նախարարի պաշտօնակատարը պատասխանեց ուսանողներու հարցերուն:

 

Scroll Up