Քուէյթի Ազգային Վարժարանն Արժանացած Է Մրցանակի
Ապրիլ 11-ին Քուէյթի մէջ գործող մասնաւոր վարժարանները պարգեւատրուած են երկրի կրթութեան նախարարութեան կողմէ: Որպէս լաւագոյն կրթական հաստատութիւն` պարգեւի արժանացած է նաեւ Քուէյթի ազգային վարժարանը: Մրցանակը ստացած է հայկական վարժարանի տնօրէն Ներսէս Սարգիսեան:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, պարգեւատրման առիթով կազմակերպուած համերգային ծրագիրին մասնակցած են նաեւ վարժարանի սաները, որոնք հանդէս եկած են հայկական պարերով եւ կատարումներով: