Գանատահայ Գործարարն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Ապրիլ 9-ին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդունեց գանատահայ գործարար, «Metrasshipping» ընկերութեան գործադիր տնօրէն, Հայկական առեւտրային ցանցի խորհուրդի անդամ եւ նոյն կառոյցի առաջին նախագահ Վահրամ Փիրճանեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան սփիւռքի նախարարութեան յետագայ կառուցուածքի, ներդրումներու խթանման, Հայկական առեւտրային ցանցի հերթական  ֆորումի կազմակերպման հետ կապուած հարցեր:

Բաբգէն Տէր Գրիգորեան համառօտ ներկայացուց նախարարութեան յետագայ կարգավիճակը, անդրադարձաւ Սփիւռքի գործերու յատուկ յանձնակատարի եւ անոր գրասենեակի ապագայ գործունէութեան: Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը նշեց, որ սփիւռքի նախարարութիւնը միացման ձեւով կը վերակազմակերպուի` վարչապետի աշխատակազմին մէջ ստեղծելով Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ, որ հիմնականին մէջ պիտի աշխատի 4 ուղղութեամբ` հայրենադարձութիւն եւ ընդելուզում, հայապահպանութիւն եւ համայնքներուն աջակցութիւն, համահայկական օրակարգի ձեւաւորում եւ սփիւռքի ներուժի նպատակային օգտագործում Հայաստանի զարգացման գործին մէջ: Բաբգէն Տէր Գրիգորեան աւելցուց, որ գրասենեակը նպատակ ունի եւ պատրաստ է աշխատելու բոլորին հետ հաւասար: «Յանձնակատարի գործառոյթներէն մէկն ալ մօտիկէն ծանօթանալն է համայնքին մէջ առկայ խնդիրներուն ու փորձել աջակցիլ ատոնց լուծման: Գրասենեակը կը շարունակէ  մնալ սփիւռքահայու տունը Հայաստանի մէջ, եւ կայ հասցէ, որ պիտի պահպանուի», – շեշտեց ան:

Վահրամ Փիրճանեան կարեւորեց նախարարութեան հետ աշխատանքի շարունակականութիւնը եւ համագործակցելու պատրաստակամութիւնը:

Նշենք, որ «Հայկական առեւտրային ցանց» («ՀԱՑ») հայ առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու եւ գործարարներու միութիւններու համահայկական ընկերակցութիւնը ստեղծուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 2011թ. ապրիլ 30-ին` Գանատա-Հայաստան գործարարներու խորհուրդի եւ Հայաստանի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի աջակցութեամբ կազմակերպուած Հայ առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու եւ գործարարներու միութիւններու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովի երկօրեայ քննարկումներու արդիւնքով:

Հայկական առեւտրային ցանցը սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ գումարած է 3 ֆորում: Վերջին ֆորումին մասնակցած է 300 գործարար աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

Կազմակերպութիւնը նպատակ ունի խթանելու կապերը համահայկական գործարար ընկերակցութենէն ներս: Այն կը ջանայ դառնալ հարթակ հայկական առեւտրային եւ գործածար կազմակերպութիւններու երկկողմ յարաբերութիւններու, գիտելիքներու ու փորձի փոխանակման, համատեղ համագործակցային նախաձեռնութիւններու իրականացման համար` ողջ աշխարհի մէջ: Այն նաեւ նպատակ ունի աջակցելու Հայաստանի տնտեսական զարգացման օրակարգին:

 

Scroll Up