«Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրի Մասնակիցներն Այցելեցին ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն

Օգոստոս 18-ին Սփիւռքի նախարարութեան «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի մասնակիցներն այցելեցին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւն:

Այստեղ մասնակիցները ողջունեցին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, Սփիւռքի նախարարը Մխիթար Հայրապետեան, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական Վարդան Աւետիսեանը:

Ողջունելով ծրագիրի մասնակիցները`Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան նշեց. «Ուրախ եմ, որ այսօր դուք հնարաւորութիւն ունիք այցելելու ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւն, հանդիպելու Պաշտպանութեան նախարարին հետ: Դեռեւս մէկ շաբաթ առաջ` մեր առաջին հանդիպման ժամանակ, ես վստահութիւն յայտնեցի, որ դուք պարզապէս պիտի սիրահարուիք Հայաստանին: Ու հիմա նայելով ձեր փայլող, արեւոտ աչքերուն` ես կը զգամ, որ իմ վստահութիւնս անհիմն չէր: Սակայն այս առեղծուածային, հզօր ու խենթ գոյներու երկիրը ճանչնալը հեշտ չէ, ու վստահ եմ, որ դուք ձեր հայրենիքը հասկնլու, զգալու ճանապարհը

կիսատ չէք ձգեր ու կրկին ու կրկին պիտի գաք : Գալու-երթալու, գալու-մնալու, ընդմիշտ մնալու »:

Նախարարն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ 2016-ի Ապրիլեան պատերազմին` նշելով, որ այդ օրերուն սփիւռքի դերն անգնահատելի էր. «Գիտեմ, որ ձեզմէ շատերը, ձեր ծնողները փորձած են այդ օրերուն ընել նոյնիսկ անհնարինը: Հայաստանի ողջ ժողովուրդի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ սփիւռքի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչի աջակցութեան ու հոգատարութեան համար»:

«Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի մասնակիցները ողջունեց նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան. «Ես պատրաստ եմ լսելու ձեր հարցերը, որովհետեւ մեզի համար ալ  հետաքրքիր է, թէ զինուած ուժերու գործունէութեան հետ կապուած ինչ հարցեր կ՛առաջանան մեր սփիւռքահայ երիտասարդներուն մօտ»:

Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, ծրագիրին մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան Դաւիթ Տօնոյեանին ուղղելու իրենց հարցերն ու առաջարկները:

Հարց ու պատասխանէն յետոյ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի մասնակիցներէն սպանաբնակ 13 ամեայ Սիրեկան Յովհաննիսեան, որ յաղթած էր Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի միջազգային մրցաշարին` գրաւելով առաջին տեղը, իր գաւաթը նուիրեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ու հայ զինուորին:

 

Scroll Up