Սփիւռքի Մասնագիտական Ներուժը Կը Համախմբուի Յանուն Հայաստանի

Ապրիլ 8-ին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդունեց «Ակցիա առողջութիւն Ֆրանսա-Հայաստան» կազմակերպութեան նախագահ Աւետիս Մատիկեանը:

Ներկայացնելով այցի նպատակը` ֆրանսահայ յայտնի սրտաբան-վիրաբոյժը նշեց, որ այս տարուան հոկտեմբերին կը նախատեսեն Հայաստանի մէջ կազմակերպել Սրտաբանութեան եւրոկովկասեան հերթական համաժողովը, որ, նախարարութեան հետ համատեղ, 2009 թուականէն սկսած կ՛իրականացուի Երեւանի մէջ` երկու տարին  անգամ մը: Համաժողովին նպատակն է յայտնաբերել եւ համախմբել աշխարհի հայ սրտաբաններու ներուժը, նպաստել Հայաստանի մէջ սրտաբանութեան զարգացման, Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի սրտաբաններու համագործակցութեան, օտարազգի յայտնի մասնագէտներու ներգրաւմամբ` խթանել Հայաստանի մէջ մասնագիտական որակներու բարձրացման ու նորարական փորձի փոխանակման:

Ըստ Աւետիս Մատիկեանի` այս տարի համաժողովը պիտի ունենայ աւելի մեծ ընդգրկում` հասանելի դառնալով ոչ միայն սրտաբաններու, այլեւ մանկաբոյժներու, ջղախտագէտներու, շողաքննութեան, բժշկական սարքաւորումներու  մասնագէտներու համար: Աշխարհահռչակ մասնագէտները Հայաստան պիտի բերեն ոլորտի նորամուծութիւնները, պիտի ստեղծեն կապեր,  ներդնեն ծրագիրներ:

Ներկայացնելով նախարարութեան վերակազմաւորման ընթացքը` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդգծեց, որ Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակն աւելի բարձր մակարդակ կ’ունենայ` դառնալով համակարգող եւ վերահսկող մարմին 12 նախարարութիւններու` Սփիւռքի հետ ոլորտային ծրագիրներու իրագործման ընթացքին, ինչպէս նաեւ պահպանելով կապող օղակի դերը Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ: Տէր Գրիգորեան վստահութիւն յայտնեց, որ յանձնակատարի գրասենեակը կը շարունակէ աջակցութիւն ցուցաբերել Սրտաբանութեան եւրոկովկասեան համաժողովի իրականացման, ընթացիկ հարցերը կը քննարկուին Առողջապահութեան նախարարութեան հետ, կապեր կը ստեղծուին համաժողովի կազմակերպիչներու եւ նախարարութեան պատասխանատու ստորաժանումներու միջեւ:

Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարի խօսքով` սա եւս  քայլ մըն է Սփիւռքի մասնագիտական ներուժի համախմբման գործին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Աւետիս Մատիկեանի ջանքերով 2011 թուականին Գորիսի մէջ բացուած Սրտանօթային հիւանդութիւններու կեդրոնի գործունէութեան:

Scroll Up