Սփիւռքի Նախարարութեան Պաշտօնեաներն Այցելած Են Գրասնոտարի Երկրամաս

Աշխատանքային այցի ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնակատար Երեմ Սիմոնեան, նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու հայ համայնքներու վարչութեան պետի պաշտօնակատար էտկար Յովսէփեան մարտ 28-էն ապրիլ 2 կը գտնուէին ՌԴ Գրասնոտարի երկրամասին մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, այցին նպատակն էր համայնքային կառոյցներուն ներկայացնել սփիւռքի նախարարութեան վերակազմաւորումն ու վարչապետի աշխատակազմին մէջ ստեղծուող Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի յետագայ գործունէութիւնը, ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ ծանօթանալ համայնքի խնդիրներուն` յառաջիկային ատոնց լուծում տալու նպատակով:

Սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնեաներն այցելած են Ռուսաստանի հայերու միութեան (ՌՀՄ) Գրասնոտարի երկրամասի տարածաշրջանային բաժանմունք,  «Արմատ» լրացուցիչ կրթութեան կեդրոն, Գրասնոտարի երկրամասի Փաշկովկայի հայկական մշակութային կեդրոն, ՌՀՄ Արմաւիրի տարածաշրջանային բաժանմունք, ՌՀՄ Նովոռոսիյսկի տարածաշրջանային բաժանմունքի Նովոռոսիյսկի «Լոյս» քաղաքային ազգամշակութային ինքնավարութիւն, ՌՀՄ Տուապսէի շրջանի Նովոմիխայլովսկի, ՌՀՄ Սոչիի, Ատլերի տարածաշրջանային բաժանմունքներ, ՌՀՄ Խոստայի շրջանի բաժանմունք, ՌՀՄ Անապայի բաժանմունք եւ Ն. Իսպիրեանի անուան հայկական ազգամշակութային կեդրոն,  Լազարեւսկի շրջանի Գրիգոր Մազլումեանի անուան ազգային մշակոյթներու կեդրոնին մէջ գործող Հայկական մշակութային կեդրոն, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ  ունեցած են Գրասնոտարի երկրամասի հայազգի պատգամաւորներու հետ:

Համայնքային կառոյցներ այցերու ընթացքին Երեմ Սիմոնեան եւ Էտկար Յովսէփեան ունեցած են աշխատանքային խորհրդակցութիւններ, ներկայ գտնուած հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան, երգի, պարի,ճատրակի դասընթացներուն, այցելած երկրամասին մէջ գործող հայկական եկեղեցիներ:

Խորհրդակցութիւններու ընթացքին համայնքի անդամները բարձրացուցած են կրթական, մշակութային, իրաւական եւ այլ հարցեր: Սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնեաները խոստացած են Հայաստան վերադառնալուն պէս` փորձել լուծումներ գտնել:

Հաստատուած են նոր կապեր, նշմարուած համագործակցութեան ուղիներ:

Բոլոր հանդիպումներն անցած են կառուցողական, երկուստեք աշխատանքները նոր թափով սկսելու պատրաստակամութեամբ: Համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչները յայտնած են իրենց գոհունակութիւնը` ընդգծելով, որ միայն նման ձեւաչափի հանդիպումներով ու քննարկումներով կարելի է արդունաւէտ աշխատանք իրականացնել` Հայաստան-սփիւռք կապերն առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու ուղղութեամբ:

Scroll Up