ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Արժանացած Է «Տարուան Կին» Տիտղոսին.Տեսանիւթ

Յունուար 27-ին Կլենտէյլի մէջ գործող «Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութիւնը կազմակերպած էր ամէնամեայ «Գնահատանքի երեկոյ» ձեռնարկը: Ձեռնարկին ներկայ եղած է շուրջ 200 մարդ, ներառեալ` Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաջարեան, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսի տեղակալ Վալերի Մկրտումեան, ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Հայոց թեմի առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Մուշեղ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Տէր Խորէն քահանայ Պապոշեան, համայնքային ներկայացուցիչներ, կրթական խորհուրդի, Կլենտէյլի, Պրպանքի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարաններու անդամներ, ամերիկեան դպրոցներու տնօրէններ, պատասխանատուներ, կրթական հաստատութեան ուսուցիչներ, ծնողներ եւ այլ հիւրեր: Այս մասին «Հայերն այսօրին» Կլենտէյլէն կը տեղեկացնէ «Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան տնօրէն Օֆելեայ Ծատուրեան:
Ձեռնարկը սկսած է Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրհներգներով: Այնուհետեւ բացման հանդիսաւոր խօսքով ներկաներուն դիմած է «Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան նախագահ Վահիկ Ծատուրեան:
Գնահատանքի երեկոյին ցուցադրուած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական տեսաուղերձը:
««Գնահատանքի երեկոյին» կը պարգեւատրուին այն ուսուցիչները, որոնք անցնող տարուան ընթացքին աչքի ինկած են իրենց կատարած աշխատանքով: Այս նախաձեռնութիւնը շատ կարեւոր կը համարենք, քանի որ այն կ’ոգեւորէ մեր ուսուցիչները եւ կ’օգնէ աշխատանքին առաւել պատասխանատուութեամբ վերաբերիլ: Ուսուցիչներուն պարգեւատրելու գործին մէջ կը համագործակցինք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ, քանի որ այն մեզ` օտարութեան մէջ գտնուող մարդոց համար Հայաստանին կապող ամուր օղակն է: Երեկոյի ընթացքին Սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներով պարգեւատրուեցան ուսուցիչներ Աննա Թադեւոսեանը, Էսթեր Յակոբեանը եւ Հիլտա Սարգսեանը»,- նշեց Օֆելեայ Ծատուրեան:
Ձեռնարկին ընթացքին պարգեւատրուած են նաեւ կազմակերպութիւններ, համայնքային կառոյցներ, ինչպէս նաեւ տարբեր բնագաւառներէ նշանաւոր անձիք:
«Գնահատանքի երեկոյին» Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն եւ հայապահպանութեան, սփիւռքի մատաղ սերունդին հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն փոխանցելու գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար «Տարուան կին» կոչումը ստացած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Balboa պետական տարրական դպրոցը (տնօրէն` դոկտոր Սոնա Առաքէլեան) արժանացած է «Տարուան լաւագոյն դպրոց» անուանակարգին: Այն Կլենտէյլի ամենամեծ պետական դպրոցն է, որուն աշակերտներէն շատերը կը յաճախեն «Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութիւն` մասնակցելու հայոց լեզուի դասընթացներուն:
Մրցանակի արժանացած է նաեւ «Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան նախկին փոխատենապետ Վարդան Կարապետեան:
Երեկոյի գեղարուեստական բաժինին մէջ ելոյթ ունեցած են երգիչ Մարատ Հայրապետեան, քանոնահարուհի Լիանա Մարտիրոսեան: Երգ ու պարով եւ ասմունքով ներկայացած են նաեւ կրթական հաստատութեան սաները:
Ձեռնարկը աւարտած է «Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան հիմնով, որ կատարած են ուսուցիչները:
Գէորգ Չիչեան