Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Ղազախստանի Մէջ

Մարտ 30-ին Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր-Սուլթանի մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկ` նուիրուած Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին, որ «ProBooks» ընթերցանութեան ակումբի ու ՂՀ մայրաքաղաքի հայ համայնքի աջակցութեամբ նախաձեռնած եւ կազմակերպած էր Ղազախստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, բազմաժանր ձեռնարկին ընթացքին «ProBooks» ընթերցանութեան ակումբի անդամները, ինչպէս նաեւ որոշ հիւրեր, հանդիսատեսին Յովհաննէս Թումանեանի կենսագրութեան հետ մէկտեղ ներկայացուցին թատերական համարներ, մանկական ֆիլմեր, երաժշտական կատարումներ հայ բանաստեղծի հեքիաթներու եւ պատմուածքներու հիման վրայ` ընթերցելով որոշ հատուածներ հայկական բանաստեղծութեան` ՀՀ դեսպանութեան եւ Աքթոպէի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոսութեան ջանքերով լոյս տեսած «Արարատի մեղմ հովերը» հատընտիրէն` ղազախերէն թարգմանութեամբ: Ելոյթ ունեցաւ հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի պարային խումբը: Մշակութային երեկոյի ընթացքին տեղի ունեցած մրցոյթի յաղթողներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ բոլոր երեխաներուն ՀՀ դեսպանութիւնը նուիրեց հայ հեղինակին հեքիաթները` ռուսերէն թարգմանութեամբ: