Բաբգէն Տէր Գրիգորեան Ընդունեց Յայտնի Գործարարներ Ղարիպեան Եղբայրները

Ապրիլ 1-ին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդունեց սփիւռքահայ յայտնի գործարարներ Սերժ, Շանթ եւ Լեւոն Ղարիպեանները: Սերժ Ղարիպեան կը ղեկավարէ «Washington Capital Global Finance» կազմակերպութիւնը, որ Հայաստանի մէջ կը գործէ 2005 թուականէն` զբաղուելով միջազգային ֆինանսներուն, վենչուրային հիմնադրամին, վերականգնողական ուժանիւթին առնչուող ոլորտներով:
Յեղափոխութենէն ետք ալ Սերժ, Շանթ եւ Լեւոն Ղարիպեանները հետաքրքուած են Հայաստանի ներդրումային գրաւչութեամբ, յատկապէս` ուժանիւթի բնական պաշարներով:
Հանդիպման ընթացքին Բաբգէն Տէր Գրիգորեան յետագայ համագործակցութեան, հնարաւորութեան պարագային աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց` նշելով, որ նախարարութիւնը կը վերակազմաւորուի եւ կը դառնայ վարչապետի աշխատակազմին մէջ գործող Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ: Յանձնակատարի եւ գրասենեակի առաքելութիւնը պիտի ըլլայ համախմբել եւ ներգրաւել սփիւռքի ներուժը, յանձնակատարն իր հերթին յաճախ պիտի այցելէ սփիւռք` փորձելով խորապէս ճանչնալ զայն: Ըստ Տէր Գրիգորեանի` Ղարիպեան եղբայրներուն հետ սերտ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ գրասենեակի ստեղծումէն ետք, քանի որ անոնք եւս սփիւռքի ներուժին մաս կը կազմեն:
Հանդիպման աւարտին կողմերը յետագային հանդիպումներու, կապերն ընդլայնելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին: