ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան Կազմակերպած Մայրերու Օրուան Տօնակատարութիւնը Նուիրուած Էր Հայ Կին Խմբագիրներու

Գանձասար- Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Հինգշաբթի, 28 Մարտի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Մայրերու Օրուան աւանդական տօնակատարութիւնը։
Մամուլի տարուան առիթով, ձեռնարկին լուսարձակի տակ առնուած էին հայ կին խմբագիրներ ու ՀՕՄ-ի «Հայ Սիրտ» պարբերականի 80-ամեակը։
Հանդիսութեան աւարտին ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցան ՍՕԽ-ի շարքերէն ներս 30 տարուան ծառայութեան վաստակ ունեցող խաչուհիները։
Շրջ. Վարչութիւնը այս առիթով ներկաներուն բաշխեց նաեւ «Գանձասար» շաբաթաթերթէն օրինակներ։