Իրական Ժամանակն Է, Որ Իւրաքանչիւրս Իր Մասնագիտութեամբ Նպաստէ Հայաստանի Զարգացման. Աւետիս Մուրատեան

«Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը սուրիահայ, այժմ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ բնակող Աւետիս Մուրատեանի մասին է, իր խօսքերով` սփիւռքահայ մը, որ կը ցանկայ որեւէ ձեւով օգտակար ըլլալ իր հայրենիքին:
– Յարգելի՛ Աւետիս, ծնած էք Սուրիա, այսօր կ՛ապրիք Ապու Տհապի: Կը պատմէք` թէ ինչո՞վ զբաղած էք Սուրիոյ մէջ, ի՞նչ գործունէութիւն ծաւալած էք:
– Ծննդավայրս Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքն է: Ուսումս շարունակելու նպատակով փոխադրուած եմ Հալէպ: Աւարտած եմ Հալէպի պետական համալսարանի մեքենական չափագիութեան բաժանմունքը: Աշխատած եմ միջազգային տարբեր ընկերութիւններու մէջ: Որպէս նախագծող-կառավարիչ` իրականացուցած եմ հովացման, օդափոխման եւ տաքացման ծրագիրներ:
Դեռ մանկութենէս անդամագրուած եմ տարբեր միութիւններու: Միութենական աշխատանքը շարունակած եմ պատանեկան, առաւելաբար` երիտասարդական տարիքիս: Եղած եմ երիտասարդական, ուսանողական միութիւններու, Հալէպի հայ համալսարանական միութեան անդամ: Տարբեր միութիւններու մէջ վարած եմ շարք մը վարչական պաշտօններ:
Ազգային կեանքի մէջ եղած եմ Բերիոյ Հայոց թեմի Առաջնորդարանի կալուածոց խորհուրդի անդամ: 2011 թուականին մասնակցած եմ Հալէպի քաղաքապետարանի քաղաքային խորհուրդի ընտրութիւններուն` որպէս Բերիոյ Հայոց թեմի Առաջնորդարանի թեկնածու: Յաջողելով` ընտրուած եմ Հալէպի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ: 2012 թուականի աւարտին` դեկտեմբեր ամսուն, փոխադրուած եմ Հայաստան: Մօտ մէկ տարի ապրելով եւ աշխատելով իմ մասնագիտութեամբ` 2014 թուականի սկիզբը տեղափոխուած եմ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
– Ին՞չ գործունէութեամբ կը զբաղիք ԱՄԷ-ի մէջ: Կը խնդրէի պատել նաեւ համայնքային կեանքին Ձեր ներգրաւուածութեան մասին:
– 5 տարի է` կ՛ապրիմ եւ կ՛աշխատիմ Ապու Տհապիի մէջ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու առաջատար ընկերութիւններէն մէկուն մէջ` «Al Mazroui Medical Group»-ի մէջ, որ կը զբաղի առողջապահական ծրագիրներով` հիւանդանոցներու նախագծում, կառուցում, նորոգում, սպասարկում, վերականգնում եւ այլն: Ընկերութեան մէջ վարած եմ տարբեր պաշտօններ: Այժմ ընկերութեան ճարտարագիտութեան բաժինի տնօրէնն եմ, միաժամանակ առողջապահական ծրագիրներու ղեկավարը, որ կը ծրագրէ եւ կը վերահսկէ նախագիծերը:
Անդրադառնալով համայնքային կեանքին. եղած եմ Ապու Տհապիի Սրբոց Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի, համայնքի ազգային վարչութեան անդամ, 2 տարի` Ապու Տհապիի «Արա Խանոյեան» ազգային մէկօրեայ վարժարանի տնօրէնը: Մասնակցած եմ շարք մը յանձնախումբերու աշխատանքներուն եւ առ այսօր` որպէս կամաւորական, օժանդակող անհատ, կը շարունակեմ մասնակից դառնալ:
– Դուք «Պայնոնա» ընկերութեան հայաստանեան գրասենեակի հիմնադիր-տնօրէնն էք: Հայաստանի մէջ գրասենեակը ին՞չ գործունէութիւն պիտի իրականացնէ, ինչպիսի՞ ծրագիրներ կը նախատեսէք իրականացնել յառաջիկային:
– «Պայնոնա»-ն «Al Mazroui Medical Group»-ի հետ համագործակցող ընկերութիւններէն մէկն է: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ միասնաբար կ՛աշխատինք տարբեր ծրագիրներու խորհրդատուութեամբ եւ նախագիծեր պատրաստելով` մինչեւ ծրագիրներու իրագործում:
Վերջին 5 տարին, ինչ հաստատուած եմ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, ամէն տարի ընտանիքով մեր ամառնային արձակուրդը կ՛անցնենք Հայաստանի մէջ: 2018 թուականի օգոստոսին հերթական անգամ այցելած էինք Հայաստան: Հէնց այդ ժամանակ էր, որ մտածեցի` իմ մասնագիտութեամբ ինչպէս կրնամ օգտակար ըլլալ հայրենիքիս, ինչպէս կրնամ մասնակից դառնալ առողջապահական ոլորտի զարգացման: Հայաստանեան այդ ոլորտն ինծի շատ ծանօթ էր: Տարբեր առիթներով այցելած էի շարք մը հիւանդանոցներ, բժշկական կեդրոններ, բուժարաններ, տեսած վերջիններուս, մեղմ խօսքով, տխուր վիճակը, պայմանները: Ականատես ըլլալով այդ ամէնուն` փորձեցի իմ մասնագիտութեամբ, գիտելիքներով, փորձով աջակցիլ, օգտակար ըլլալ` որպէսզի միասնաբար զարգացնենք այս ոլորտը Հայաստանի մէջ:
Յաջորդ քայլս այն էր, որ զանգահարեցի Առողջապահութեան նախարարութիւն եւ ցանկութիւն յայտնեցի հանդիպելու նախարարին կամ որեւէ պաշտօնեայի հետ, որպէսզի ներկայացնեմ իմ առաջարկս: Նախարարութենէն պատասխանեցին. «Ձեզ կը փոխանցենք նախարար Արսէն Թորոսեանի էլ-փոստի հասցէն ու, եթէ հնարաւոր է, գրաւոր ներկայացուցէք Ձեր առաջարկն ու կենսագրական որոշ մանրամասնութիւններ»:
Գրեցի Արսէն Թորոսեանին` ներկայացնելով իմ գաղափարներս: Շատ անակնկալ, նաեւ զարմանալի էր ինծի համար, որ 5 վայրկեան յետոյ Արսէն Թորոսեանէն պատասխան նամակ ստացայ: Ան ողջունած էր իմ քայլը, համագործակցութեան առաջակը, միաժամանակ փոխանցելով` որ ինք քաղաքէն պիտի բացակայի, սակայն համապատասխան աշխատակիցները կապ կը հաստատեն հետս:
Մէկ ժամ յետոյ հետս կապուեցաւ նախարարութեան ծրագիրներու վարչութեան պետը եւ պայմանաւորուեցանք հանդիպիլ: Երկու հանդիպում ունեցանք, այցելեցինք մէկ հիւանդանոց, որուն շուրջ ես ներկայացուցի իմ առաջարկներս: Միաժամանակ ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ առողջապահութեան ոլորտին մէջ կիրառուող չափանիշները, դժբախտաբար, ժամանակավրէպ են: Որ ոլորտը քայլ առ քայլ զարգացնելու համար` պէտք է յառաջիկային փորձել ունենալ միջազգային չափանիչներուն համապատասխան բժշկական հաստատութիւններ:
Միասնաբար գործակցելու շեշտադրութեամբ ալ աւարտեցին մեր հանդիպումները, որոնք շատ դրական, քաջալերական էին սփիւռքահայու մը համար, որ կ՛ուզէր որեւէ ձեւով օգտակար ըլլալ իր հայրենիքին:
Այդ ժամանակ դեռ չկար Հայաստանի մէջ գրասենեակ հիմնելու գաղափարը: Կար պարզապէս ազգային մօտեցում, որ պսակուեցաւ քանի մը յաջող հանդիպումներով: Միաժամանակ ազդելով իմ ներաշխարհին, հոգեվիճակին վրայ` յուշելով, որ արդէն կրնանք Հայաստանի մէջ մասնակից դառնալ շարք մը փոփոխութիւններու, որ իւրաքանչիւրս իր մասնագիտութեամբ կրնայ նպաստել մեր հայրենիքի զարգացման:
Ժամանակի ընթացքին զարգացան կապերը, ինչ-ինչ աշխատանքներ կատարուեցան եւ աստիճանաբար գաղափար յառաջացաւ Երեւանի մէջ ստեղծելու ճարտարագիտական խորհրդատուական գրասենեակ, որ պէտք է կրէր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գործող ընկերութեան անուանումը` «Պայնոնա», որպէսզի կարենայինք մօտէն հետեւիլ աշխատանքներուն, առաջարկներ ստանալ ու կատարել բոլոր փոփոխութիւնները` կառուցուելիք կամ վերանորոգման կարիք ունեցող բժշկական հաստատութիւններուն:
Երեւանի մէջ գրասենեակը հիմնադրուեցաւ 2018 թուականի նոյեմբերին` նպատակ ունենալով մշտական ներկայութիւն ունենալ Հայաստանի մէջ, որպէսզի կարենանք աշխատանքները տեղուոյն վրայ ե՛ւ ծրագրել, ե՛ւ կատարել:
– Այդ նոյն ժամանակ` 2018 թուականի աշնան, ընկերութիւնը փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրեց ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան հետ: Ի՞նչ յուշագիրին նպատակը:
– Երբ գրասենեակ հիմնելու նպատակով Հայաստանի եկած էինք, յուշագիր ստորագրուեցաւ Առողջապահութեան նախարարութեան հետ, ինչը կ՛ենթադրեմ, որ «Պայնոնա»-ն պէտք է համագործակցի նախարարութեան հետ` զարգացնելու առողջապահութեան ոլորտը, ներգրաւէ օտարերկրեայ ներդրողներ եւ այլն: Իսկ ներդրողները շահագրգիռ կ՛ըլլան այն ժամանակ, եթէ օրինակ` Հայաստանի մէջ ըլլան բարձրակարգ, միջազգային չափանիշներուն համապատասխան բժշկական կեդրոններ, հիւանդանոցներ, որ մենք, դժբախտաբար, շատ քիչ ունինք կամ գրեթէ չունինք:
«Պայնոնա»-ի դերակատարութիւնն այն է, որ ընկերութիւնը պէտք է կապող օղակ հանդիսանայ ներդրողներուն հետ, աշխատի զարգացնել, մշակել եւ տեղայացնելով` ստեղծել հայկական նոր չափանիշներ բժշկական հաստատութիւններու համար` միաժամանակ օժանդակելով առողջապահական իւրաքանչիււր ծրագիրի նախագծման:
Յուշագիրի ստորագրումէն անմիջապէս յետոյ «Պայնոնա»-ն ներկայացուց 2 նախագիծ, որոնցմէ մէկը կը վերաբերէր բժշկական կեդրոնի բաժինի մը վերանորոգման:
– Աւետի՛ս, վերջերս հանդիպած էք ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի հետ: Հանդիպման քննարկուած է Հայաստանի մէջ բժշկական նոր կեդրոն կառուցելու նախագիծը: Կը պատմէք, թէ ի՞նչ կեդրոն կը նախատեսուի կառուցել եւ ե՞րբ:
– Սա «Պայնոնա» ընկերութեան երկրորդ նախագիծն է, որ ներկայացուցած ենք Առողջապահութեան նախարարութեան:
Խօսքը Հայաստանի մէջ ծննդաբերութեան ու կանանց առողջութեան ծառայութիւններ մատուցող բժշկական հաստատութիւն հիմնելու մասին է: Վերջին հանդիպման առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանին ներկայացուցած ենք նախնական հայեցակարգը, գծագիրները: Կը սպասենք նախարարութեան արձագանքին, առաջարկներուն, որպէսզի ամբողջացնելով փաթեթը` սկսինք արդէն յաջորդ փուլի աշխատանքները:
– Ըսէք, որ ամէն տարի Ձեր ընտանիքին հետ ամառնային արձակուրդները կ՛իրականացնէք Հայաստանի մէջ: Ընկերութեան հիմնադրումէն յետոյ նաեւ` աշխատանքային գործունէութիւնը պատճառ դարձած է:
– Ընկերութեան հիմնումով` այցելութիւններս Հայաստան միայն ամառնային հանգիստ անցնելու նպատակով չեն: Հիմա յաճախակի դարձած են յատկապէս աշխատանքային այցերս: Այս ընթացքին զարմանալի միտում նկատած եմ: Մարդիկ այն մտայնութիւնն ունին, որ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան բժշկական կեդրոններ ունենալը մեծ ծախսերու հետ կապուած է: Իրականութեան մէջ այդպէս չէ: Եթէ կարենանք ճիշդ նախագծել, իրականացնել աշխատանքները, աւարտին կը տեսնենք, թէ որքան գումար կրցած ենք տնտեսել: Եւ ամենակարեւորը` այդ հաստատութիւնները կը կարենան ծառայել իրենց հիմնական նպատակին:
Առողջապահական հաստատութիւններու հիմնական նպատակը մասնագէտ-բժիշկներու օգնութեամբ հիւանդի առողջութիւնը վերականգնելն է: Սակայն յաճախ կը պատահի, որ հիւանդը դուրս կը գրուի հիւանդանոցէն ուրիշ վարակով, այլ հիւանդութեամբ, որ կը նշանակէ այդ հաստատութիւնն արդէն իր նպատակին չի ծառայեր: Շատ երկիրներու մէջ կայ այս խնդիրը, դժբախտաբար, նաեւ Հայաստանի մէջ:
Այս խնդրէն խուսափելու համար մեր բոլոր բժշկական հաստատութիւնները պէտք է կառուցուին կամ վերակառուցուին միջազգային չափանիշներուն համահունչ (սկսած` հիւանդասենեակներէն, միջանցքներէն, վիրահատարաններէն, օդափոխութեան համակարգէն, շինարարական նիւթերէն եւ այլ նրբութիւններէ), որպէսզի բժշկեն մարդուն, ոչ թէ` վարակի տարածման պատճառ դառնան:
Հէնց այստեղ է, որ պէտք է կարեւորենք առողջութեան տնօրինումը, որպէսզի Հայաստանի մէջ ո՛չ միայն բժշկական կեդրոնները, այլեւ մարդիկ այս մտածելակերպով առաջնորդուին: Որպէսզի այն դառնայ կարեւոր նախապայման ինչպէս հիւանդանոցներ կառուցելուն, այնպէս ալ` սեփական առողջութեան մասին հոգ տանելուն:
Առողջութեան տնօրինումը չի նշանակեր գեղեցիկ տեսքով, ձեւաւորումով, յարկաբաժիններով հիւանդանոց ունենալը: Այն կ՛ենթադրէ մարդոց առողջութեան ամբողջական վերականգնում, որուն պէտք է նպաստեն ո՛չ միայն փորձառու մասնագէտները, այլեւ նպատակային, ճիշդ կառուցուած հաստատութիւնները, միջավայրը:
Սա է նաեւ մեր գրասենեակի հիմնական նպատակներէն մէկը` մեր գաղափարներով, փորձառութեամբ մասնակից դառնալ ոլորտի զարգացման: Ունիմ ինծի պէս մտածող շատ գործընկերներ, որոնք կ՛աշխատին ընկերութեան մէջ: Բոլորիս նպատակը նոյնն է` որպէս հայ ազգի զաւակներ, որպէս մասնագէտներ մասնակից դառնալ մեր հայրենիքի առողջապահութեան ոլորտի զարգացման:
Եթէ իւրաքանչիւր մարդ իր հնարաւորութիւններու սահմանին մէջ փորձէ օգտակար ըլլալ մեր երկրին, մօտ ապագային մենք աւելի զարգացած հայրենիք կ’ունենաք, ինչը կը նպաստէ որպէսզի մեր երեխաներն աւելի լաւ երկրի մէջ ապրին:
Հայաստանեան վերջին այցելութեան ժամանակ դասախօսութիւն ունեցայ Երեւանի պետկան բժշկական համալսարանի հանրային առողջութեան բաժանմունքին մէջ: Դասախօսութեան ընթացքին ինծի մտահոգող գաղափարներու, խնդիրներու մասին խօսեցայ, ներկայացուցի այն ամէնը, որ մեր ընկերութիւնը կը ծրագրէ իրականացնել: Ինծի համար հաճելի էր տեսնել, որ ուսանողները հետաքրքրուած էին նոր նիւթերով, գաղափարներով: Յուսամ` յաճախ նման առիթներ կ’ունենամ Հայաստան այցելելու:
Նաեւ յոյս ունիմ, որ միասնաբար գործելով` մօտ ապագային առողջապահական բնագաւառին մէջ բաւականին զարգացումներ կ’արձանագրենք:
Լուսինէ Աբրահամեան