Բաբգէն Տէր Գրիգորեան Ընդունեց ՌՀՄ Փոխնախագահ Վլատիմիր Աղայեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2019/03/handipum-4.jpg)
Մարտ 19-ին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդունեց Ռուսաստանի հայերու միութեան փոխնախագահ Վլատիմիր Աղայեանը:
Ողջունելով հիւրը` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նախ ներկայացուց սփիւռքի նախարարութեան կարգավիճակի փոփոխութիւնը, նոր ձեւաչափի` Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ապագայ գործունէութիւնը եւ ուղղութիւնները, նշեց, որ վարչապետի աշխատակազմին մէջ ընդգրկուած գրասենեակը պիտի համակարգէ 12 նախարարութիւններու` սփիւռքի մասով ծրագիրները, պիտի իրականացնէ մշտադիտարկում, ամրապնդէ կապը հայ համայնքներուն հետ: Այս ծիրէն ներս Տէր Գրիգորեան շեշտեց Ռուսաստանի հայ համայնքի, անոր հետ նոր ձեւաչափով սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
Ահա այդ նպատակով ալ նախարարութիւնը կը ցանկայ մօտ ապագային տեսակապով հանդիպում ունենալ Ռուսաստանի հայերու միութեան ներկայացուցիչներուն հետ, քննարկելու համագործակցութեան եզրերը, ընելու առաջին գործնական քայլերը, նաեւ նախապատրաստուելու միութեան հետ նոր յուշագիրի կնքման:
Վլատիմիր Աղայեան անդրադարձ կատարեց միութեան կատարած աշխատանքներուն, ապագայ ծրագիրերուն, կարեւոր նկատեց յեղափոխութեան ծիրին մէջ իւրաքանչիւր հայու տեղն ու դերը: «Սփիւռքը ստեղծուած է մեր ազգի դժբախտութեան հետեւանքով, սակայն այսօր այն մեր առաւելութիւնն է: Այժմ պէտք է աշխուժացնել սփիւռքը»,-նշեց Վլատիմիր Աղայեան` ընդգծելով անկախ Հայաստանի դերը սփիւռքի մէջ ազգային վերազարթօնքի գործին մէջ:
Կողմերը կարեւորեցին յատկապէս աշխատանքը Ռուսաստանի մէջ հայ ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ: Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նշեց, որ կը սպասուի ծաւալուն եւ երկարաժամկէտ հեռանկարով համագործակցութիւն` ձեւաւորելով միասնական օրակարգ եւ աջակցելով հայ համայնքին:
Ռուսաստանի հայերու միութեան փոխնախագահ Վլատիմիր Աղայեան շեշտեց, որ բաց են համագործակցութեան համար, պիտի մշակուին գործակցութեան վերաբերեալ առաջարկներ եւ դրուին քննարկման: