«Յաղթահարենք Պատերազմի Հետեւանքները Միասին» Ծրագիրի Պատուիրակութիւնն Այցելեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/09/կարիտաս.jpg)
Սեպտեմբեր 25-ին ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան ընդունեց «Հայկական Կարիտաս» բարեգործական ՀԿ-ի եւ «Գերմանա-ռուսական փոխանակում» միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող «Յաղթահարենք պատերազմի հետեւանքները միասին» ծրագիրի ծիրէն ներս Հայաստան այցելած պատուիրակութիւնը:
Հիւրերուն փոխանցելով ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը` փոխնախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Հայկական Կարիտաս»-ը մեզ շատ հոգեհարազատ է դարձել, սիրով ենք աշխատում այս կառոյցի հետ: Ուրախ ենք, որ կազմակերպութեան բարեգործական ծրագրերը միայն Երեւանում չեն իրականացւում, այլ հասնում են նաեւ Հայաստանի մարզեր: Քաջատեղեակ ենք, որ «Հայկական Կարիտաս»-ը ծաւալուն աշխատանքներ է իրականացնում սոցիալական պաշտպանութեան եւ խնամքի, համայնքային զարգացման ծրագրերի ուղղութեամբ` բարելաւելով թիրախային խմբերի առողջապահական, կրթական, սոցիալական պայմանները, մարդասիրական, զարգացման եւ ինտէգրման գործողութիւններ իրականացնելով վերադարձողների համար: Շարունակէք ձեր առաքելութիւնը, շնորհակա՛լ ենք»:
Սերժ Սրապիոնեան ներկայացուց նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հայապահպան ծրագիրները եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման պետական քաղաքականութեան ամբողջական եւ արդիւնաւէտ իրականացումը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան ներկայացուց Սուրիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու ընդելուզման ուղղութեամբ գերատեսչութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները` ընդգծելով, որ «Հայկական Կարիտաս»-ը նոյնպէս գործուն մասնակցութիւն ունեցած է այս հարցով: Պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար, ապա յղեցին իրենց հետաքրքրող հարցերը:
Ամփոփելով հանդիպումը` ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան յոյս յայտնեց, որ յետագային եւս կը շարունակեն սերտ համագործակցութիւնը «Հայկական Կարիտաս»-ի հետ:
Հանդիպման աւարտին հիւրերը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան թանգարանին յուշանուէրներ յանձնեցին: