Սփիւռքի Լրատուամիջոցներու Հետ Ասուլիսներու Շարքը Կը Շարունակուի
Մարտ 14-ին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ասուլիսի ձեւաչափով պատասխանեց Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի տարածաշրջանի հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հարցերուն:
Սփիւռքէն կը մասնակցէին «Իսրայէլահայեր» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Արտեոմ Չերնամորեան (Իսրայէլ), «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, «Արաքս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Մովսէս Քեշիշեան (Իրան), «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Չիլաբօշեան-Պօղիկեան, Հալէպի «Երազ» հայկական ռատիօժամի տնօրէն Ռուբէն Գէորգեան (Սուրիա), «Էլ Ահրամ» շաբաթաթերթի թղթակից Նորա Քոլոյեան (Եգիպտոս), Յորդանանի առաջնորդարանի մամուլի քարտուղար Ռաքէլ Մարգարեան:
Ողջունելով ասուլիսի մասնակիցները` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նախ ներկայացուց հանդիպման նպատակը` առանցքին մէջ ունենալով սփիւռքի նախարարութեան վերակազմաւորման, յետագայ ձեւաչափին եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին առնչուող թեմաները: Նախարարի պաշտօնակատարը նշեց, որ պայմանաւորուած Ազգային ժողովի կողմէ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծի մօտակայ ընդունման եւ ուժի մէջ մտնելու հանգամանքներով` սփիւռքի նախարարութիւնը նախարարութեան ձեւաչափով պիտի չի գործէ, փոխարէնը պիտի ներդրուի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի հիմնարկը` վարչապետի աշխատակազմին մէջ իր գրասենեակով եւ սփիւռքի նախարարութեան կորիզը պահպանելով: «Գրասենեակը պիտի աշխատի 4 ուղղութեամբ` հայրենադարձութիւն եւ ընդելուզում, հայապահպանութիւն եւ համայնքներուն աջակցութիւն, համահայկական օրակարգի ձեւաւորում եւ սփիւռքի ներուժի նպատակային օգտագործում Հայաստանի զարգացման գործին մէջ: Այն պիտի ըլլայ ռազմավարութիւններ մշակող, պիտի համակարգէ 12 նախարարութիւններու ոլորտային աշխատանքները սփիւռքի հետ, վերահսկէ եւ մշտադիտարկէ ատոնք, պահպանելով եւ ամրապնդելով կապը համայնքերուն հետ: Յանձնակատարը յաճախ պիտի այցելէ համայնքներ` ստեղծելով անմիջական շփման հնարաւորութիւններ»,-ընդգծեց Բաբգէն Տէր Գրիգորեան:
«Արաքս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Մովսէս Քեշիշեան, շեշտարդելով սփիւռքի բազմազանութիւնը, միատարր չըլլալը, հարցուց, թէ արդեօք յանձնակատարը պիտի ըլլայ անկուսակցական եւ անկախ, որ յետագային հակասութիւններու տեղի չի տայ: Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը նկատեց, որ դեռ սփիւռքը ամբողջապէս հասկնալու խնդիր կայ, այն համաշխարհային ցանց է` բաղկացած եւ՛ համահայկական կառոյցներէ, եւ՛ տարբեր կազմակերպութիւններէ ու կուսակցութիւններէ, եւ՛ անհատներէ: «Սփիւռքի հետ աշխատելու մեր քաղաքականութիւնը բոլորին հետ հաւասար աշխատիլն է: Այն կ՛արտացոլուի յանձնակատարի դերով, որ կը նշանակուի վարչապետի հայեցողութեամբ»,-ըսաւ Բաբգէն Տէր Գրիգորեան:
«Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Չիլաբօշեան-Պօղիկեան, առանձնացնելով այն հանգամանքը, որ սփիւռքն իր խնդիրները, մարտահրաւէրներն ու գոյութեան պայքարն ունի այսօր, արդեօք խորհրդատուական կապի մէջ է Հայաստանի հետ ընթացիկ գործընթացներուն եւ կը մասնակցի՞ ձեւաչափային քննարկումներուն:
Ըստ Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի` նմանատիպ ասուլիսներն այդ քննարկումներու առաջին փորձն են, եւ յատկապէս Հայաստանի կողմէ համայնքներուն աջակցութեան, հայապահպանութեան, համահայկական օրակարգի ձեւաւորման տեսանկիւններէն կը բացառուի, որ սփիւռքը դուրս մնայ քննարկումներէն: Հէնց ան պէտք է ըլլայ օրակարգ թելադրողը:
Յորդանանի առաջնորդարանի մամուլի քարտուղար Ռաքէլ Մարգարեան հարց բարձրացուց Առաջնորդարանի վարժարանի ներկայիս վիճակի վերաբերեալ, հայաստանեան կողմէ հարցը ուսումնասիրելու եւ լուծման տարբերակներ որոնելու պատրաստակամութիւն եղաւ:
«Իսրայէլահայեր» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Արտեոմ Չերնամորեան անդրադարձաւ նախարարութեան կողմէ իրականացուող գիրքերու առաքման ծրագիրին, եւ թէ որուն պիտի դիմեն գիրքերու պահանջարկի պարագային: Բաբգէն Տէր Գրիգորեան խորհուրդ տուաւ դեռեւս շարունակել աշխատիլ սփիւռքի նախարարութեան հետ, մինչ կեանքի կը կոչուին բոլոր կառուցուածքային փոփոխութիւններն ու գործառոյթներու վերաբաշխումը: Ան նաեւ աւելցուց, որ գիրքերու առաքման ծրագիրը փոփոխութիւններ պիտի կրէ, համայնքերու հետ քննարկման արդիւնքով կ՛ուրուագծուի պահանջարկը, կը կատարուի մշտադիտարկում, թէ արդեօք առաքուած գիրքերը կը համապատասխանեն համայնքներուն կողմէ ներկայացուած պահանջներուն:
Արտեոմ Չերնամորեան խօսեցաւ նաեւ Իսրայէլի հայ համայնքի առաձնայատկութիւններուն մասին` ընդգծելով այնտեղ հայերու դարաւոր ներկայութեան, հայոց ժառանգութեան ու հայկական հետքի եւ ատոնց պահպանման կարեւորութիւնը` յոյս յայտնելով, որ այդ հարցով կը զգան Հայաստան պետութեան աջակցութիւնը: Ան նաեւ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց, որ արդէն պիտի ըլլայ երկկողմանի:
Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի խօսքով` համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ գործընկերային հաւասարութեան հիման վրայ:
«Երազ» հայկական ռատիօժամի տնօրէն Ռուբէն Գէորգեան հարցուց` յանձնակատարի գրասենեակը կը պատրաստո՞ւի իր ծրագիրները համադրելու սփիւռքի խոշոր կառոյցներուն հետ:
Տէր Գրիգորեան դարձեալ ընդգծեց, որ յանձնակատարի գրասենեակը ծրագիրներ պիտի չիրականացնէ, նախարարութիւնները իրենց ոլորտային ուղղութիւններով ծրագիրներ կեանքի պիտի կոչեն, գրասենեակը պիտի համակարգէ այդ ամէնը արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու համար: Նաեւ աւելցուց, որ սփիւռքի հետ աշխատելուն արտօնեալներ չեն ըլլալ, սփիւռքը ներկայացնող մէկ կամ երկու կառոյց չկայ, սփիւռքը ցանց է, 21-րդ դարու այդ տրամաբանութեան մէջ պիտի քննարկուին թեմաները` բոլոր կողմերուն տալով հաւասար գործընկերոջ կարգավիճակ:
«Էլ Ահրամ» շաբաթաթերթի թղթակից Նորա Քոլոյեանի հարցը արտագաղթի նուազման մեքենականութիւնը եւ հայրենադարձութեան, Հայաստանի համալսարանական հաստատութիւններուն մէջ սփիւռքահայ լաւագոյն ուսանողներուն տրուող արտօնութիւններու մասին էր:
Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարի դիտարկմամբ` հայրենադարձութիւնն ու ընդելուզումը յանձնակատարի գրասենեակի հիմնական ուղղութիւներէն են, սակայն հայրենադարձութիւն ըսելով նկատի կ՛առնուի առաջին հերթին մասնագիտական եւ գիտական ներուժի հայրենադարձութիւնը: Հայրենադարձութիւնը արդիւնք է` պայմանաւորուած գործօններով, ներառեալ` տնտեսական զարգացմամբ: Այն երկարաժամկէտ գործընթաց է եւ փուլային աշխատանք:
Բաբգէն Տէր Գրիգորեան համաձայնեցաւ, որ համալսարանական կրթութեան ասպարէզին մէջ սփիւռքահայերուն տրուող արտօնութիւններու հարցը պէտք է քննարկել նաեւ յետագային:
«Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան շեշտեց սփիւռքի նախարարութեան ձեռք բերած քաղաքական կշիռը եւ հետաքրքրուեցաւ յանձնակատարի հիմնարկին մէջ այդ կարեւոր գործօնի պահպանման մասին:
Բաբգէն Տէր Գրիգորեան մէջբերաւ հէնց Թեհրանի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն խօսքերը, որ յանձնակատարի պաշտօնը բացառիկ է, եզակի: Այն ոչ միայն պիտի պահպանէ իր քաղաքական կարեւորութիւնը, այլեւ պիտի բարձրացնէ այն եւ հզօրացնէ: