«Որպէս Հայրենադարձ Հայաստանն Այն Երկիրն է, Ուր Ինքզինքս Կը Պատկերացնեմ». Սուրիահայ Մանօ Բրուտեան

«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը սուրիահայ մարզիչ, պատիպըլտըր Մանօ Բրուտեանն է, որ հայրենադարձուած է 2005 թուականին: Մանոն յայտնի մարզիչ է Երեւանի մէջ, իսկ 2017 թուականին Սեւծովեան երկիրներու պատիպըլտինկի առաջնութեան մէջ գրաւած է առաջին հորիզոնականը:

Մանօ՛, ուրկէ՞ կը սերին Ձեր արմատները:

– Երկու կողմէն ալ արմատներով Այնթապէն եմ, սակայն ծնողքս ծնած են Հալէպ: Հայրս աշխատանքի բերումով տեղափոխուած է Սաուտեան Արաբիա, ես այնտեղ ծնած եմ: Մինչեւ 4 տարեկան ապրած եմ այնտեղ: Սաուտեան Արաբիոյ մէջ  հայկական դպրոցներ եւ եկեղեցիներ չըլլալու պատճառով` վերադարձանք Հալէպ: Յաճախած եմ Զաւարեան վարժարան, որմէ յետոյ 2002-2004 թուականներուն ծառայած եմ բանակին մէջ:

– Ինչը՞ Ձեզի Հայրենիք բերաւ:

– 2005 թուականի գարնան ընտանիքով եկանք Հայաստան. պատճառը հօրս աշխատանքն էր: Սկզբնական շրջանին, գրեթէ 7 տարի, սիրողական կը յաճախէի մարզասրահ: Այնուհետեւ սկսայ աշխատիլ եւ հասցուցի ձեռք բերել 3 հաւաստագիր` որպէս լաւագոյն մարզիչ:

– Մանօ՛, ինչպէ՞ս կատարեցիք Ձեր առաջին քայլերը դէպի այս մարզաձեւ:

– Զբաղուելով մարզանքով` հասկցայ, որ ինծի աւելին  պէտք է: 2015 թուականին Հայաստանի մէջ կայացաւ պատիպըլտինկի մրցոյթ, ես նոյնպէս մասնակցեցայ` գրաւելով 6-րդ հորիզոնականը: Քանի որ առաջին անգամ կը մասնակցէի, այն ինծի մեծ փորձառութիւն տուաւ այդ ոլորտին մէջ: Թէեւ որոշակի բարդոյթներ ունէի, քանի որ կը ներկայանաս մարդոց, հանդիսատեսին եւ կը ցուցադրես մկաններդ, որ պէտք է փորձես ընել մասնագիտօրէն: Անկախ այս ամէնէն, որոշեցի աւելի զարգացնել հմտութիւններս այս մարզաձեւին մէջ:

Այս մարզաձեւին մէջ դուք գրանցած էք  շարք մը յաջողութիւններ, կը պատմէ՞ք այդ մասին:

– 2017 թուականին Հայաստանի պատիպըլտինկի մրցոյթին գրաւեցի առաջին հորիզոնականը: Ամիսներ անց մասնակցեցայ Սեւծովեան երկիրներու պատիպըլտինկի մրցոյթին, որ տեղի ունեցաւ Վրաստանի մէջ: Հայաստանէն կը մասնակցէինք 5 մարզիկ: Իսկ մրցոյթին, ընդհանուր առմամբ, շուրջ 12 երկրի 50 մարզիկ կը մասնակցէր: Ես կը ներկայացնէի դասական պատիպըլտինկը` գրաւելով առաջին հորիզոնականը: Այս յաղթանակը մեծ իրադարձութիւն էր կեանքիս մէջ, ատկէ յետոյ աւելի վստահ  կը կատարէի քայլերս այս մարզաձեւին մէջ:

Վերադառնալով Հայրենիք` ես ու ընկերս սկսանք պատրաստուիլ պատիպըլտինկի եւրոպական առաջնութեան, որ պիտի կայանար 2017 թուականի սեպտեմբերին: Ինծի համար 2017 թուականը, իրաւամբ, համարուեցաւ պատիպըլտինկի տարի: Առաջնութիւնը կայացաւ Պարսելոնա քաղաքին մէջ, ես հանդէս եկայ 70-75 քկ քաշային կարգին մէջ: Շուրջ 100 մասնակիցներու մէջ գրաւեցի 11-րդ հորիզոնականը: Նշեմ, որ 2017 թուականի հոկտեմբեր ամսուն մասնակցեցանք Փրակի մէջ տեղի ունեցող առաջնութեան, ուր ներկայացայ 75-80 քկ քաշային կարգին մէջ: Այս մրցոյթին շուրջ 75 մասնակիցներու մէջ գրաւեցի 10-րդ հորիզոնականը: Նոյեմբեր ամսուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ պատիպըլտինկի բաց առաջնութիւն, ուր գրաւեցի 2-րդ հորիզոնականը:

-Ին՞չ  տուած է Ձեզ պատիպըլտիկը:

– Այս մարզաձեւը ինծի տուաւ ամէն ինչ, թէ՛ անձնական կեանքի մէջ, թէ՛ գործնական: Այն ինծի տուաւ ինքնավստահութիւն:

– Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայրենիք-Սփիւռք կապերը:

– Հաստատ կրնամ ըսել, որ Կառավարութիւնը  ամէն ինչ կ՛ընէ` բարելաւելու Հայաստան-Սփիւռք կապերը: Ես այս տարիներուն ընթացքին համոզուեցայ այդ հարցով: Սփիւռքի նախարարութիւնը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ սուրիահայութեան խնդիրներուն: Որպէս հայրենադարձ կրնամ ըսել, որ Հայաստանն այն երկիրն է, ուր ինքզինքս կը պատկերացնեմ : Ես ունիմ համաշխարհային մարզիչի հաւաստագիր, որմով կրնամ հանգիստ աշխատիլ Եւրոպայի կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, սակայն Հայաստանն իր գոյներով շատ կանչող է:

Սեւադա Սաֆարեան

 

Scroll Up