Վիրահայ Ուսանողուհին Արժանացած Է Վրաստանի Խորհրդարանի Մրցանակին

Մարտ 12-ին Երիտասարդ աշակերտներու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ շարադրութիւններու մրցանակաբաշխութիւն` նուիրուած Վրաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան 100-ամեակին:

Ինչպէս կը յայտնէ akhaltskha.net-ը, Վրաստանի խորհրդարանի ազգային գրադարանը եւ Իվանէ Ջաւախիշուիլիի անուան Թիֆլիսի պետական համալսարանը Վրաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կողմէ հիմնուած առաջին ժողովի 100-ամեակին առիթով յայտարարած էր շարադրութիւններու մրցոյթ: Մրցոյթին կը մասնակցէր Սամցխէ-Ջաւախքի պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի երկրորդ կարգի ուսանողուհի Աննա Յարութիւնեան, որ եւս արժանացաւ մրցանակի: Մրցոյթին Վրաստանի տարածքով յաղթող  ճանչցուած է 7 ուսանող, որոնցմէ մէկը Աննա Յարութիւնեանն է:

Շարադրութիւններու յաղթողներուն Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Իրակլի Քոպախիձեն անձամբ  փոխանցած է նուէրներն ու պատուոգիրները:

Scroll Up