Արցախի Դրմբոն Համայնքին Մէջ 11-13-րդ Դարերով Թուագրուող Խաչքարեր Յայտնաբերուած Են

Արցախի Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն համայնքին մէջ յայտնաբերուած են նորայայտ խաչքարեր:

Խաչքարերը կը թուագրուին 11-13-րդ դարերով, կը յայտնէ Արցախպրեսը:

Խաչքարերը Դրմբոնի մատուռ-գերեզմանատան տարածքին մէջ յայտնաբերած է Մարտակերտի շրջանային ծառայութեան պետ Աւետիք Աղաբեկեան` իր հերթական շրջայցին հետեւանքով:

Scroll Up