Ցեղասպանութենէն Կամ 1895ի Ջարդերէն Վերապրողներու Գրաւոր Վկայութիւնները Հաւաքելու Արշաւ

«Արամ» միութիւնը ֆրանսահայ ոչ-հասութաբեր միութիւն մըն է, որուն նպատակն է պահպանել սփիւռքահայերու ապրած կեանքին յիշողութիւնը:
Միութիւնը կը փափաքի վկայութիւններ քաղել Հայոց Ցեղասպանութեան կամ 1895ի ջարդերէն հայ վերապրողներէ եւ անոնց՝ դէպի Ֆրանսա, Լիբանան եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթին մասին:
«Կոչ կ՛ուղղենք ընտանիքներուն, որպէսզի 1915ի (կամ 1895ի) վերապրողներուն կողմէ գրուած հին վկայութիւնները տրամադրելի դարձնեն «Արամ» միութեան գործակիցներուն: Այս վկայութիւնները կարեւոր են Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը պահպանելու համար եւ մաս կը կազմեն սփիւռքահայերու մշակութային ժառանգութեան: «Արամ» միութիւնը գիտակից է, որ այս վկայութիւնները արժէքաւոր են ընտանիքներուն համար: Ուստի կ՛առաջարկենք պարզապէս թուային պատճէն մը կատարել միութեան արխիւներուն համար», նշուած է միութեան յղած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ կը շեշտուի, որ միութեան նպատակն է այս վկայութիւններուն տարածումը եւ իրազեկումը ապահովել է, թուայնացումի միջոցաւ, թարգմանութիւններով եւ հրատարակութիւններ պատրաստելով:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել https://webaram.com/hy կայքէջը։