Բաբգէն Տէր Գրիգորեան Ընդունեց Վերակառուցման Եւ Զարգացման Եւրոպական Դրամատան Ներկայացուցիչները
Փետրուար 13-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդունեց Վերակառուցման եւ Զարգացման Եւրոպական դրամատան ներկայացուցիչները:
Հանդիպման ընթացքին հիւրերը յատկապէս շեշտադրեցին, որ յեղափոխութենէն ետք ստեղծուած նոր իրավիճակը նոր առաջնահերթութիւններ ասպարէզ կը բերէ եւ կ՛ընձեռէ բազմաթիւ հնարաւորութիւններ, որոնք լաւագոյնս իրացնելու համար պէտք է նախ եւ առաջ ուսումնասիրել եւ հասկնալ երկրի կարեւորագոյն կարքիներն ու մարտահրաւէրները: Դրամատան ներկայացուցիչներն այս առումով կարեւոր համարեցին հայկական սփիւռքի ներգրաւածութիւնն ու անոր ներուժի ընդելուզումը Հայաստանի մէջ իրականացուող զարգացման ծրագիրներուն եւ գործընթացներուն:
Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդգծեց, որ սփիւռքը Հայաստանի մէջ զարգացման ծրագիրներու առումով մշտապէս հետաքրքրուած է, եւ այն նիւթական կարողութիւններէն բացի կը տիրապետէ ահռելի մարդկային ներուժի, որ յետյեղափոխական Հայաստանի ծրագիրներուն, սփիւռքահայերուն պետական կառավարման համակարգին մէջ ներգրաւելու համար արդէն իսկ քայլեր առնուած են:
Անդրադառնալով համագործակցութեան յետագայ հնարաւորութիւններուն ու ուղղութիւններուն` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան անգամ մը եւս ընդգծեց, որ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծի ընդունումէն յետոյ Սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի վերակազմակերպուի` միանալով վարչապետի աշխատակազմին` ստեղծելով Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ: Ան նաեւ անդրադարձ կատարեց Կառավարութեան ծրագիրին մէջ սփիւռքին վերաբերող առաջնահերթութիւններուն` ընդգծելով յատկապէս Հայաստանի զարգացման սփիւռքի ներուժի լիարժէք ներգրաւումը, սփիւռքի հայ համայնքներու` բնակութեան երկրի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն յարաբերութիւններու կամրջող դերի մեծացումը, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան խորացման եւ ընդլայնման համար այնպիսի քայլերու ու ծրագիրներու իրականացումը, որոնք կը նպաստեն սփիւռքի մասնակցութեան` Հայաստանի հանրային կեանքին, հայրենադարձութեան խթանումը եւ այլն:
Հանդիպման աւարտին կողմերը մշտական կապի մէջ ըլլալու եւ համագործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին նաեւ Սփիւռքի հարցերով զբաղուող նոր կառոյցի ստեղծումէն ետք: