Ասիկա Հայ Համայնքի Հանդէպ Դրսեւորուած Աննախադէպ Ատելութիւն է. ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն

Անցեալ գիշեր ԱՄՆ-ի մէջ գործող հայկական երկու կրթօճախներու՝ Ս. Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական եւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարաններուն վրայ փակցուած են թրքական` մէկ տասնեակը գերազանցող դրօշներ: Այդ առնչութեամբ՝ Սփիւռքի նախարարութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր մասնաւորապէս նշուած է.

«Ասիկա հայ համայնքին հանդէպ դրսեւորուած աննախադէպ ատելութիւն է: Անիկա արդէն իսկ տեղի ոստիկանութեան կողմէն բնութագրուած է՝ իբրեւ «ատելութեան հիմքով յանցագործութիւն»:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան հայ համայնքի հետ անմիջական կապի մէջ է, խօսած է բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ, ներառեալ՝ տնօրէններու, համայնքային կառոյցներու ղեկավարներու եւ Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսին հետ, որոնք տեղեկացուցած են, թէ ոստիկանութիւնը քայլեր կը ձեռնարկէ աշակերտներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

Նախարարութիւնը կանգնած է հայ համայնքի կողքին, կը միանայ կոչին եւ յոյս կը  յայտնէ, որ տեղի իրաւապահ մարմինները հետամուտ պիտի ըլլան միջադէպին ամբողջական բացայայտման, պիտի բացառեն նման դէպքերու կրկնութիւնը:

Խստօրէն կը դատապարտենք ատելութեան, անհանդուրժողականութեան եւ անօրինութեան հողի վրայ իրականացուող նման արարքները:

Հայ դպրոցը հայապահպանութեան հիմնասիւներէն է, ուստի հայկական կրթօճախներուն նկատմամբ նման ոտնձգութիւնները կը համարենք անընդունելի ու դատապարտելի՝ վստահ ենք, որ դպրոցը պէտք է ըլլայ ամենաանվտանգ վայրը՝ ամբողջ աշխարհի մէջ»:

Scroll Up