Սուրբ Պատարագ Քաթալոնիոյ ՄԷջ
Յունուար 5-ին Պարսելոնայի Սանթա Քոլոմա շրջանի կեդրոնական եկեղեցւոյ մէջ (Iglesia Mayor), Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ:
Սբ. պատարագին ներկայ էին Քաթալոնիոյ կառավարութեան, քաղաքային իշխանութեան, ինչպէս նաեւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ տարբեր եղբայրութիւններու (congregaciցn) ներկայացուցիչներ:
ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Ժ. Դաւթենցը, Սուրբ Ծննդեան պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին նաեւ բազում հայ հաւատացեալներ:
Յաւարտ Սուրբ պատարագի կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն` կնքահայրութեամբ ԿարէնՓափախչեանի, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ տիեզերական աղօթք` աշխարհի խաղաղութեան համար:
Եկեղեցական արարողութիւններու աւարտին Քաթալոնիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչն իր ողջունի խօսքն ուղղեց պատարագին ներկայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն` շնորհաւորելով անոնց Սուրբ Ծննդեան տօներուն ուրախ առիթով, յիշատակելով նաեւ հայ ազգի անցած դժուարին ուղին ու անոր պայքարող տեսակի մասին:
Սբ. պատարագի աւարտէն ետք օրուան կնքահայր՝ Կարէն Փափախչեանի ընտանիքին կողմէն կազմակերպուած էր Սուրբ Ծննդեան տօներուն յատուկ կերակրատեսակներով հիւրասիրութիւն: