ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Յայտարարութիւնը Ղազախստանի ՄԷջ Տեղի Ունեցած Իրադարձութիւններու Առնչութեամբ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնն ակնդէտ կը հետեւի Ղազախստանի Գարականտա քաղաքին մէջ վերջին օրերուն տեղ գտած զարգացումներուն, մշտական կապի մէջ  է տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն  հետ եւ իր խորը մտահոգութիւնը կը յայտնէ միջադէպին առնչութեամբ:

Անթոյլատրելի կը համարենք կենցաղային հողի վրայ տեղի ունեցած յանցագործութիւնն ազգամիջեան հարթութիւն տեղափոխելու փորձերը: Խորապէս կը ցաւակցինք զոհուածի ընտանիքին եւ հարազատներուն, յոյս ունինք, որ հետաքննութիւնը կը բացայայտէ ողջ եղելութիւնը, իսկ մեղաւորները`  կը պատժուին:

Ղազախստանի հայ համայնքը պատմականօրէն կարեւոր դերակատարութիւն  ունեցած է հանրապետութեան կեանքի ամենատարբեր բնագաւառներուն մէջ, ուստի եւ նման միջադէպերը պէտք չէ ազդեն համայնքի յետագայ կենսագործունէութեան եւ երկու ժողովուրդներու ջերմ ու բարիդրացիական փոխյարաբերութիւններուն վրայ:

 

Scroll Up