«Փոքրիկ Հրեշտակներ» Շաբաթօրեայ Դպրոցի Տարեմուտի Հանդէսը

Դեկտեմբեր 22-ին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորին ու Սուրբ Ծննդեան նուիրուած տօնակատարութիւն:
Բացման խօսքին մէջ տնօրէն, Բարեշնորհ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրույեան նշեց, որ որակեալ կրթութեան եւ կատարուող հսկայածաւալ աշխատանքներու շնորհիւ հաստատութիւնը դարձած է աշխարհի ամենամեծ շաբաթօրեայ դպրոցը, որուն աշակերտներուն թիւն արդէն կը գերարզանցէ 300-ը:
Տէրունական աղօթքով սկսուող ձեռնարկը իւրօրինակ հաշուետուութիւն մըն էր անցնող տարուան ընթացքին ձեռք բերած գիտելիքներու, որուն ընթացքին ներկաներն ունկնդրեցին աշակերտներու գեղեցիկ արտասանութիւններն ու երգերը` նուիրուած օրուայ խորհուրդին:
Մանուկներու շրթունքներէն արտաբերուած իւրաքանչիւր բառ, աղօթքի նման վեր կը բարձրանար առ Աստուած…
«Արի՛, Նո՛ր Տարի, բայց այնպէս արի,
Որ աւելանայ բարին աշխարհի…»
«Ամանորի գիշերը, ա՛խ, հրաշք լինէր
Ոչ մի մանուկ չլինէր տխուր այդ գիշեր…»
Ներկաներն ապրեցան հոգեւոր ուրախութեան, հպարտութեան ու ոգեւորութեան աներեւակայելի պահեր:
Աւարտին իր օրհնութեան խօսքն ըսաւ Սբ. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հովիւ, արժանապատիւ Տէր Խաժակ քահանայ Շահբազեան, որ ներկաներուն փոխանցեց նաեւ Գերաշնորհ Տէր Յովնան արք. Տէրտէրեանի բարեմաղթանքները:
Ալ ի՞նչ տարեմուտի հանդէս առանց Ձմեռ պապի: Երեխաներուն ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ, երբ տաճարին դռները բացուեցան ու ներս մտաւ Ձմեռ պապը` իր հետ բերելով Նոր տարուայ հրաշքն ու այդքան սպասուած նուէրները: Ան ոչ միայն շնորհաւորեց բոլորը գալիք Նոր տարուան ու Սբ. Ծննդեան տօներուն առիթով, այլեւ ներկաներուն հիացուց իր հին ու նոր տօնական երգերու կատարմամբ:
Աւարտին «Թրբանջեան» հրապարակին վրայ կազմակերպուած էր հիւրասիրութիւն, ուր Ձմեռ պապի ընկերակցութեամբ, ուրախ երգ ու երաժշտութեան ներքոյ շարունակուեցաւ տօնական տրամադրութիւնը` աւետելով Նոր տարուայ եւ Մանուկ Քրիստոսի ծնունդը:
Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ:
Անահիտ Շահուերդեան