Սամուէլ Մկրտչեանի Հրաժեշտի Հանդիպումները Լիբանանի Մէջ

Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին կապակցութեամբ  շարք մը հանդիպումներ  ունեցած է Լիբանանի հայ համայնքի հոգեւոր եւ ազգային կառոյցներու, կուսակցութիւններու առաջնորդներու եւ ներկայացուցիչներու հետ:

Դեսպան Մկրտչեան հանդիպած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա-ի, Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի-ի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ, վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ:

Ի թիւս այլ հանդիպումներու ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ «Շաղզոյան» կեդրոնին մէջ եւս տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ղեկավար կազմի եւ ներկայացուցիչներու հետ հրաժեշտի հանդիպում:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են վերջին տարիներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ հայ համայնքին միջեւ հաստատուած ջերմ յարաբերութիւնները եւ աշխոյժ համագործակցութիւնը:

Հայ համայնքի ղեկավարները եւ անդամները մեծապէս գնահատած են դեսպան Մկրտչեանի աշխոյժ գործունէութիւնը: Զրուցակիցները համայնքին եւ դեսպանութեան միջեւ վերջին տարիներուն համագործակցութիւնը որակած են անկեղծ եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած, աննախադէպ ախշոյժ ու արդիւնաւէտ:

Scroll Up