Սպիտակի Երկրաշարժի 30-րդ Տարելիցին Կապակցութեամբ Վրացի Բժիշկը Պարգեւատրուեցաւ Դեսպանութեան Շնորհակալագիրով

Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի 30-րդ տարելիցի կապակցութեամբ վրացի բժիշկ Թէյմուրազ Գոգիձեն պարգեւատրուեցաւ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան շնորհակալագիրով: Բժիշկ Գոգիձեն Սպիտակի երկրաշարժէն անմիջապէս յետոյ Թիֆլիսի մէջ վիրահատած է տասնեակ վիրաւորներու: Այս մասին կը հաղորդեն Վրաստանի մէջ  ՀՀ դեսպանութենէն:

Դեսպան Սադոյեան ողջ հայ ժողովուրդի անունով ի դէմս բժիշկ Գոգիձէի, շնորհակալութիւն յայտնեց եղբայրական վրացի ժողովուրդին` հայ ժաղովուրդին համար այդ դժուարին ժամանակահատուածին մէջ ցուցաբերած անգնահատելի օգնութեան համար: Ան աւելցուց, որ այդ օգնութիւնը երբեք չի մոռցուիր եւ մշտապէս կը յիշուի երախտագիտութեամբ:

Բժիշկ Գոգիձեն նշեց, որ սարսափով կը  յիշէ այդ օրերը, քանի որ վիրաւորներու նման քանակ երբեւէ չէր տեսած: Անոր խօսքով` իրեն շատ  տպաւորած է Լիլի անունով փոքրիկ երեխայի ծանր վիրահատութիւնը, որուն հետ կապը վիրահատութենէն յետոյ կտրուած է եւ յոյս յայտնեց, որ այս շնորհակալագիրի յանձնման արարողութեան լուսաբանումը հնարաւորութիւն կու տայ, որ Լիլին գտնէ զինք բուժած բժիշկը:

 

Scroll Up