Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Ազգային Հայրենասիրական Երգերու Փառատօն Թեհրանի ՄԷջ

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ծրագիրները, որոնք իրանահայ համայնքէն ներս մեկնարկած են տարուան սկիզբէն, կը շարունակուին:

«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով «Ալիք» օրաթերթին, կը յայտնէ, որ այդ շարքի ծրագիրներէն հերթականը, որ նախաձեռնած էր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան եւ պետականութեան հաստատման 100-ամեակի Թեհրանի կեդրոնական յանձնախումբը, իրականացաւ նոյեմբեր 8-ին, «Չհարմահալ» միութեան «Հ. Թումանեան» սրահին մէջ:

Ձեռնարկը ազգային հայրենասիրական երգերու փառատօն էր, որ նախատեսուած է Թեհրանի երեք հայաշատ քաղաքամասերու մէջ եւ այն պիտի կրկնուի նոյեմբեր 14-ին` Հայ մարզամշակութային «Նաիրի» միութեան «Սուքերեան» սրահին մէջ եւ նոյեմբեր 22-ին` Հայ մարզամշակութային «Սիփան» միութեան «Նաիրի» սրահին մէջ:

Ծրագիրը մեկնարկեց տեսանիւթի ցուցադրութեամբ, որմէ ետք մեկնարկեց փառատօնը:

Աւարտին եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. արք. Սարգսեան:

Scroll Up