Հայաստանի ՄԷջ Աշխատանք Փնտռող Սուրիահայերուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/11/karmir-khach.jpeg)
Ինչ
Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւնը, IRIS ծրագիրի տնտեսական հնարաւորութիւններու եւ տնտեսական զարգացման բաղադրիչի ծիրէն ներս, կը յայտարարէ
Եռամսեայ վճարովի աշխատանքային վարժութիւն/վերապատրաստման մասնակցութեան մրցոյթ
Հայաստանի մէջ աշխատանք փնտռող սուրիահայերու եւ տեղացիներու համար, որ հնարաւորութիւն կու տայ մասնակիցներուն ստանալ աւելի լաւ կրթութիւն եւ մասնագիտական փորձ եւ, իբրեւ արդիւնք` կայուն եւ տեւական աշխատանք:
Ով
«Սուրիահայերու եւ տեղացիներու դիմակայունութեան բարձրացում» (IRIS) ծրագիրը, Եւրոմիութեան` Սուրիոյ մէջ ճգնաժամին արձագանքման վստահութեան ֆոնտի (Մատատ ֆոնտի) եւ Աւստրիական զարգացման համագործակցութեան ֆինանսաւորմամբ, նպատակ ունի բարելաւելու սուրիահայերու եւ տեղացիներու սոցիալ եւ տնտեսական դիմակայունութիւնը եւ բարձրացնելու Հայաստանի մէջ տնտեսական աճի տարրական կարողութիւնները: Աւստրիական Կարմիր խաչի ղեկավարմամբ, այն կ´իրականացուի Հայկական Կարիտասի, Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութեան, սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնի եւ ՓՄՁ Համագործակցութեան ընկերակցութեան կողմէ:
Ով կրնայ դիմել
Սուրիահայ տեղահանուած անձիք եւ 18 տարին լրացած տեղացիներ
Դիմելու համար իրաւասու է որեւէ մասնագիտական ոլորտի ներկայացուցիչ:
Կ’ընտրուին 100 վերապատրաստուողներ` հիմք ընդունելով դրդապատճառը, հմտութիւններն ու գիտելիքները եւ փորձը, որմէ յետոյ կ’որոշուին համապտասխան գործատուները եւ երկու կողմերը կապ կը հաստատեն` անցնելով անձնական հարցազրոյց որպէս առաջին քայլ: Երկուստեք յաջողութիւն գրանցելէ յետոյ կը կնքուի եռակողմ համաձայնագիր: Իւրաքանչիւր վերապատրաստուող մասնակից ֆինանսական աջակցութիւն կը ստանայ երեք ամիս ժամկէտով:
Նախկին գործատուներու եւ մասնագիտական վերապատրաստում տրամադրողներու կողմէ տրուած երաշխաւորագիրները կը համարուին առաւելութիւն:
Միայն նախնական ընտրութիւն անցած մասնակիցները կը հրաւիրուին հարցազրոյցի:
Դիմելու վերջնաժամկէտ
Հետաքրքուած անձիք կրնան ուղարկել իրենց ինքնակենսագրութիւնը hkarapetyan@redcross.am էլ. հասցէին կամ դիմել Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւն, Պարոնեան 21/1, Բնակչութեան տեղաշարժի բաժին, Զբաղուածութեան գծով ծրագիրի մասնագէտ Հայարփի Կարապետեանին մինչեւ 10 դեկտեմբեր, 2018թ.
Լրացուցիչ հարցերու պարագային զանգահարել` +374 55 625065, +374 95 625065 հեռախօսահամարներուն: