Սուրիահայ Երիտասարդներն Այցելած Են Տաթեւի Վանական Համալիր

2018 թ. յունիս 9-10 «Սուրիահայ երիտասարդներու պայծառ ապագայ» ծրագիրի ծիրէն ներս  խումբ մը սուրիահայ երիտասարդներ ուղեւորուեցան դէպի Սիւնիքի մարզ եւ այցելեցին Տաթեւի վանական համալիր, Քարահունջ («Զօրաց քարեր») եւ Նորավանք: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամէն, ուխտագնացութեան նպատակն էր մասնակիցներուն ծանօթացնել Տաթեւի վանքին, որ դարեր շարունակ եղած է հզօր հոգեւոր եւ կրթամշակութային կեդրոն, կարեւոր դեր  ունեցած է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:

«Այսպիսի ուխտագնացութիւնները շատ կարեւոր են մեզի համար, քանի որ կարճ ժամանակուան ընթացքին շատ բան սորվեցանք Հայաստանի աշխարհագրութեան եւ պատմութեան մասին: Ընկերական միջավայրի մէջ աւելի հեշտ է այս ամէնն ընկալել, քան գիրքերուն մէջ կարդալով»– ըսաւ մասնակիցներէն մէկը:

Սուրիահայ երիտասարդներն օգտուեցան հանրայայտ «Տաթեւեր» ճոպանուղիէն: Թէեւ շատերը անհանգիստ էին, որ իրենց կեանքը բառի բուն իմաստով «թելէ  կախուած է», սակայն շուտով համոզուեցան, որ ճոպանուղին անվտանգ է եւ ողջ երթի ընթացքին հիացան Սիւնիքի զառիթափ ժայռերով եւ մոգական բնութեամբ:

«Մենք իսկապէս Աստուծոյ կողմէ օրհնուած ազգ ենք: Այս պատերուն նայելով ատիկա կը զգամ» – ընդգծեց մասնակիցներէն մէկը: Ան շատ ուրախ էր հանդիպելու Տաթեւի վանահայր Հայր Միքայէլ աբեղայ Գէորգեանին: Ուղեւորութեան մասնակից Գառլոսը կիսեց իր տպաւորութիւնները. «Շատ ուրախ եմ, որ նման ծրագիրի կը մասնակցիմ: Մասնագիտութեամբ ճարտարապետ եմ եւ շատ կը սիրեմ հայկական ճարտարապետութիւնը: Ինծի համար կարեւոր է Հայաստանի մէջ շրջագայելն ու եկեղեցիներու ճարտարապետութեան ծանօթանալը» – նշեց ան:

Մասնակիցները շատ տպաւորուած էին ուխտագնացութեամբ եւ հիանալի տրամադրութեամբ վերադարձան Երեւան: Անոնք ոչ միայն հայաստանեան կարեւոր հոգեւոր կեդրոններու մասին նոր գիտելիքներ ստացան, այլեւ նոր ընկերներ ձեռք բերին եւ կիսեցին իրենց տպաւորութիւններն ու փորձը:

Scroll Up