«Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնի Ծիրէն Ներս Սփիւռքի Նախարարը Յատուկ Մրցանակ Յանձնեց
Յուլիս 14-ին կայացաւ «Ոսկէ ծիրան» XV յոբելենական միջազգային ֆիլմի փառատօնի «Ոսկէ», «Արծաթէ» ծիրաններու, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հեղինակաւոր մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան փառատօնի ծիրէն ներս յանձնեց յատուկ մրցանակ, որ նախատեսուած էր սփիւռքահայ երիտասարդ բեմադրիչներու համար:
Առաջին մրցանակակիրը դարձաւ ֆրանսահայ տաղանդաւոր բեմադրիչ Առնօ Խայաջանեան` իր «Մենք ենք, մեր սարերը» ֆիլմով:
Նախարարը հանդէս եկաւ ելոյթով, շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն, հովանաւորներուն, շնորհաւորեց բոլորը «Ոսկէ ծիրանի» 15-ամեայ գործունէութեան առիթով եւ սփիւռքահայ բեմադրիչներուն կոչ ըրաւ նոր ֆիլմեր նկարահանելու:
«Սփիւռքի նախարարութիւնը, ցաւօք, առայժմ ոչ մեծ ֆինանսական աջակցութեամբ, բայց, այնուամենայնիւ, կանգնած է ձեր կողքին»,- նշեց նախարարը: