Սփիւռքի Նախարարութեան «ՆերՈւժ» Սթարթափ Ծրագիրը` ՀՀ Կառավարութեան Օրակարգին ՄԷջ

Կառավարութիւնը սփիւռքի երիտասարդներու «ներՈւժ» սթարթափ ծրագիրի իրականացման նպատակով պահեստային ֆոնտի հաշուին Սփիւռքի նախարարութեան կը յատկացնէ 81 մլն դրամ: Այս մասին որոշման նախագիծն ընդգրկուած է կառավարութեան նոյեմբեր 8-ի նիստի օրակարգին մէջ:

Նախագիծի ընդունման արդիւնքով ֆինանսական աջակցութիւն կը ցուցաբերուի մինչեւ 10 նորարարական նախագիծի` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հիմնուելէ ետք: Այդ ընկերութիւնները պիտի ըլլան նորարարութեան, գիւղատնտեսական եւ զբօսաշրջութեան ոլորտի, որոնց լուրջ յաջողութիւններ գրանցելու պարագային կը վերափոխուին խոշոր ընկերութիւններու եւ կը գրանցեն յաջողութեան պատմութիւններ: Սոյն որոշման ընդունման նպատակն է ապահովել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուելիք «ՆերՈւժ» սփիւռքի երիտասարդներու սթարթափ ծրագիրի համար անհրաժեշտ ծախսերու ֆինանսաւորումը:

Ըստ հիմնաւորման, «ներՈւժ» ծրագիրի իրականացման արդիւնքով յատկանշական է նաեւ այն քաղաքական հաղորդագրութիւնը, որ պէտք է հասցուի սփիւռքի ձեռներէց բաժինին: Այն միտուած է յուշելու անոնց, որ Հայաստան այլեւս առողջ սթարթափ էքոհամակարգ ունի, որուն կայացման գործին մէջ սփիւռքի ներգրաւուածութիւնն աւելի քան իրատեսական է: Կ´առաջարկուի նախարարութեան տրամադրուող 81 մլն դրամէն 45 մլն դրամը նուիրատուութեան պայմանագիրով տրամադրել յաղթողներուն` «Հայկական Կարիտաս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան ծրագիրով:

Scroll Up