Ժողովրդական Երգիչ Գէորգ Չաքմանեան Դիրքերու ՄԷջ Երգած Է Զինուորներու Համար

Երեւանի Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ 2017 թուականի նոյեմբեր 24-ին տեղի  ունեցած էր ժողովրդական երգիչ, ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, ԱՄՆ-ի Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ գործող «Կանթեղ» եւ «Տարօն» աշուղական երգչախումբերու գեղարուեստական ղեկավար Գէորգ Չաքմանեանի «Կարօտի կանչով հերոսներուս հետ» խորագիրով համերգը: Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները պաշտպանելու  համար իրենց կեանքը զոհած հերոս տղաներու յիշատակին  եւ անոնց ընտանիքներուն համար կազմակերպուած երեկոյի ընթացքին Գէորգ Չաքմանեան խոստացած էր, որ այսուհետեւ ամէն տարի համերգային ծրագիրներով պիտի այցելէ Հայաստան եւ Արցախ:

Խոստումին համաձայն` երգիչը հոկտեմբեր ամսուն կրկին Հայաստան եկաւ, նոյն համերգասրահին մէջ մէկտեղեց հերոս տղաներու ծնողներուն եւ հարազատներուն` իր երգերու կատարումներով անոնց կտրելով առօրեայ հոգերէն եւ ինչ-որ չափով փարատելով անամոք վիշտը: Չնայած ծնողներու յուզմունքին` Գէորգ Չաքմանեան յաջողած է իր կատարումներով անոնց ժպիտներ պարգեւել եւ շուրջպարի հրաւիրել:

Ի դէպ, երգիչը Հայաստանի մէջ գտնուելու օրերուն կ´այցելէ  քաջորդիներու մայրերուն եւ կը զրուցէ  անոնց հետ:

Համերգային յաջորդ կանգառը եղած է Արցախը: Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ կայացած համերգէն առաջ երգիչը նախ այցելած է Արցախի Անյայտ կորած ազատամարտիկներու հարազատներու միութիւն եւ հանդիպած միութեան նախագահ Վերա Գրիգորեանին` կարեւոր համարելով անոր կողմէ տարուող հետեւողական աշխատանքը եւ օգնութիւնն անյայտ կորած ազատամարտիկներու հարազատներուն հանդէպ: Երգիչը հասցուցած է այցելել նաեւ Արցախի ազատամարտիկներու միութիւն:

Սահմանամերձ գօտիներէն Գէորգ Չաքմանեան առաջին համերգն ունեցած է Տաւուշի մարզի Մովսէս գիւղի Մշակոյթի տան մէջ, ապա տօնական օր  պարգեւած է բաղանիսցիներուն: Բաղանիսի մէջ ծանօթացած է Կոթիի Մշակոյթի պալատի տնօրէնին հետ եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած յաջորդ տարի Կոթիի եւ Ոսկեպարի մէջ համերգներ կազմակերպելու մասին:

«Յետագային որոշած եմ ելոյթներ ունենալ սահմանամերձ բոլոր գիւղերուն մէջ, քանի որ ամէն անգամ կը համոզուիմ, որ կրակահերթերու տակ ապրող, բազում դժուարութիւններ յաղթահարող այնտեղի բնակիչներուն պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել եւ բարոյահոգեբանական աջակցութիւն ցուցաբերել»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Գէորգ Չաքմանեան` ընդգծելով, որ Բաղանիսի մէջ զինուորականի ուղեկցութեամբ գացած է առաջնագիծ, զրուցած տղաներուն հետ, անոնց պատրաստած սուրճը խմած եւ նկատած, թէ մեր խիզախ զինուորները թշնամիին դէմ կռուելու որքան մեծ պատրաստակամութիւն եւ բարձր մարտական ոգի ունին:

Զրոյցի աւարտին Գէորգ Չաքմանեան խօսելով ստեղծագործական յետագայ աշխատանքներուն մասին` տեղեկացուց, որ ընթացքի մէջ է բեմական կեանքի 25-ամեակին նուիրուած ամփոփ տեսաֆիլմի նկարահանումները, որուն առանցքին մէջ անոր մասին կը խօսին հայ անուանի արուեստագէտներ` երգիչ Ռուբէն Մաթեւոսեանը, դերասանուհի Ժենիա Աւետիսեանը, բեմադրիչ Երուանդ Ղազանչեանը եւ շատ ուրիշներ: Երգիչը հասցուցած է նկարահանել նաեւ լուսահոգի երգչուհի Օֆելիա Համբարձումեանին եւ պարուսոյց Վանուշ Խանամիրեանին:

Գէորգ  Չիչեան

 

Scroll Up