Օփերայի Երգիչ Գէորգ Հաճեանի Նոր Տեսահոլովակը
Լիբանանահայ հայրենադարձ օփերայի երգիչ Գէորգ Հաճեան Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին հանդիսատեսի ուշադրութեան ներկայացուցած է Էտուարտաս Մեժելայտիսի խօսքերով գրուած «Ապրիլի 24» («Լա մինոր») երգի հիման վրայ ստեղծուած նոր տեսահոլովակը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, Գէորգ Հաճեանին վստահուած է առաջինը կատարելու այս երգը, այն ընդգրկուած է նաեւ անոր «Շարական» ձայնագրութիւններու շարքին մէջ: Ստեղծագործութեան երաժշտութեան հեղինակը Դանիէլ Երաժիշտն է:
Երգը նուիրուած է ՄԱԿ-ի կողմէ «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգելելու եւ պատժելու մասին» պայմանադրութեան ընդունման 60-ամեակին: