Հնդկաստանի Հայերը Սփիւռքի Նախարարութեան Ուշադրութեան Կեդրոնին Մէջ Են

Նոյեմբեր 2-ին սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ տեսակապով հանդիպում սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանի եւ Հնդկաստանի Տելհի քաղաքի փոքրաթիւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Տելհիաբնակ հայերը մեծ ոգեւորութեամբ  պատրաստուած էին հանդիպման` նշելով, որ սա իրենց համար աննախադէպ իրադարձութիւն է, եւ առաջին անգամ է, որ հնարաւորութիւն կ´ընձեռուի տեսակապով խօսելու, ներկայացնելու իրենց առաջարկները, խնդիրներն ու մտահոգութիւնները սփիւռքի նախարարութեան: Այս նախաձեռնութիւնը կարծես թէ կոտրեց համայնքին մէջ ձեւաւորուած այն մտայնութիւնը, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրենք մոռցուած են եւ անուշադրութեան մատնուած:

«Աշխարհի որեւէ ծայրի մէջ, որեւէ երկրի, եթէ կայ անգամ մէկ հայ, որ իր օրակարգին մէջ ունի Հայաստանի հետ կապը, հայ ըլլալու զգացումը, սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի աշխատի անոր հետ եւ ստեղծէ կամուրջ»,-նշեց Մխիթար Հայրապետեան` աւելցնելով, որ ցաւօք, նախարարութեան կապը հնդկահայ համայնքին հետ ամրապնդուած չէ, եւ այդ խնդիրը պէտք է լուծուի համատեղ ջանքերով: Նախարարի պաշտօնակատարի խօսքով` յեղափոխութիւն  եղած է նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ, եւ այս պարագային սփիւռքի նախարարութիւնը պէտք է ամէն վայրկեան հասանելի ըլլայ իւրաքանչիւր սփիւռքահայու համար: Այս աշխատելաոճը արդիւնքի հասնելու գլխաւոր միջոց դարձնելով` նախարարութիւնը շուտով կը գործարկէ իր նոր կայքը, որուն մէջ առկայ յատուկ կոճակի շնորհիւ սփիւռքահայերը աշխարհի իւրաքանչիւր մասէ կը կարենան տեսակապ հաստատել համապատասխան ստորաբաժանման աշխատակիցներուն հետ եւ կը ստանան իրենց յուզող հարցերու պատասխանները:

«Դուք կը նշէք, որ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը ձեզի համար աննախադէպ է: Անկեղծ կ’ըսեմ` սա ինծի համար տխուր փաստի արձանագրում է: Այսպիսի հանդիպումները պէտք է սովորական բնոյթ կրեն, մենք պիտի մշտական  կապի մէջ ըլլանք: Խոշոր համայնքներուն հետ տարուող աշխատանքերուն զուգահեռ` նախարարութիւնը սկսած է աշխատիլ նաեւ փոքր համայնքերու հետ»,-ընդգծեց նախարարի պաշտօնակատարը:

Տելհիաբնակ հայերը, ներկայացնելով իրենց գործունէութիւնն ու առօրեան, նշեցին, որ համայնքը դեռեւս կազմակերպուած չէ, եւ ի տարբերութիւն Կալկաթայի հայ համայնքին, որ հարիւրամեակներու պատմութիւն ունի, Տելհիի հայ համայնքը նոր-նոր կը ձեւաւորուի: «Այստեղ մենք ունինք 26 ընտանիք, սակայն ատոնց զգալի մասը ձեւաւորուած է խառնամուսնութիւններու արդիւնքով»,-նշեցին Տելհիի հայերը:

Կարճ անդրադարձ կատարելով նաեւ Կալկաթայի հայերուն` տեսակապի մասնակիցները պատմեցին, որ ունենալով Սուրբ Նազարէթ հայկական եկեղեցին եւ Կալկաթայի հայոց մարդասիրական ճեմարանը, տարիներու ընթացքին Կալկաթայի հայ համայնքը նօսրացած է. այժմ նաւահանգստային այս քաղաքին մէջ մշտական բնակութիւն ունին շուրջ 20 հայեր, սակայն ճեմարանին մէջ ուսանելու համար աշխարհի տարբեր ծայրերէ Կալկաթա ժամանակաւորապէս հարիւրաւոր հայեր կու գան:

«Տելհիի մէջ չունենալով հայկական եկեղեցի ու կրթօճախ` մեր համայնքը համախմբուելու վայր չունի»,-նշեցին տեղի հայերը: Տելհիի հայկական մշակութային կեդրոնի ղեկավար Գայեանէ Մկրտչեան ընդգծեց, որ չնայած այստեղ քիչ թիւով հայեր կ´ապրին, սակայն անոնք յայտնի են իրենց գործունէութեան բնագաւառներուն մէջ որպէս արհեստավարժներ: «Այս ընթացքին տարաբնոյթ միջազգային համաժողովներ  կազմակերպած ենք, անդրադարձած ենք Հայոց ցեղասպանութեան թեմային, այն որոշ չափով ճանաչելի դարձուցած ենք Տելհիի հասարակութեան համար»,-նշեց 2015-էն գործող կեդրոնի ղեկավարը: Կեդրոնը կազմակերպած է ձեռնարկներ` նուիրուած ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին, ՀՀ-Հնդկաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակին, Հնդկաստանի վարչապետ Ինտիրա Կանտիի` Երեւան կատարած այցի 40-ամեակին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Ապրիլեան պատերազմին, Մշակութային յարաբերութիւններու հնդկական խորհուրդին մէջ (ICCR) կազմակերպած է Հայաստանի պատմութիւնն ու մշակոյթը ներկայացնող մեծ ու որակեալ լուսանկարներու ցուցահանդէս: Համայնքի անդամները կարեւոր կը համարեն  նաեւ ՀՀ դեսպանատան աշխատանքը` ի դէմս Հնդկաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Մարտիրոսեանի:

Համայնքի մէկ այլ անդամ Մանէ Մկրտչեան հպարտութեամբ կը պատմէ, որ հէնց իր շնորհիւ են հայ դասականներու` Ռուբէն Սեւակի, Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Պարոյր Սեւակի, Յովհաննէս Թումանեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Համաստեղի գործերը թարգմանուած եւ հրատարակուած հնդկերէնով: «Այժմ կը թարգմանեմ Յովհաննէս Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթ» բանաստեղծութիւնը եւ տպագրման հարցով կ´ակնկալեմ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութիւնը»,-նշեց Նարէն:

Հայ–հնդկական բարեկամութիւն ՀԿ-ի փոխնախագահ Ռուզաննա Աշուղեան ընդգծեց, որ Տելիի հայ համայնքը կ´ընդլայնուի, եւ աւելի կանոնաւոր ծրագիրներու եւ համայնքը համախմբելու կարիքը կայ, կարեւոր է, որ խառնամուսնութիւններէ ծնած երեխաները նաեւ հայերէն իմանան եւ հայ մեծնան: Այս առումով Տելհիի հայերը անհրաժեշտութիւն համարեցին կիրակնօրեայ հայկական դպրոցի հիմնումը, քանի որ արդէն 20 դպրոցահասակ երեխայ ունին:

Մխիթար Հայրապետեան ողջունեց համայնքի հայկական դպրոց հիմնելու գաղափարը եւ նշեց, որ յետագային առաւել մանրամասն կը քննարկեն զայն: «Սփիւռքի մէջ այսօր   ուծացման տեմպերը  բարձր են, եւ մենք վստահ ենք, որ առկայ մարտահրաւէրները միայն համատեղ աշխատանքով կրնան յաղթահարել: Հաւատացէք` մենք պատրաստ ենք ձեզի աջակցելու: Եթէ դուք կը ցանկաք հայ մնալ, ձեր երեխաներուն հայ կրթել, ապա մենք լուրջ ընելիքներ ունինք: Նախարարութիւնը քիչ միջոցներ ունի, բայց լի է վճռականութեամբ: Ես ձեր դեսպանն եմ ՀՀ կառավարութեան մէջ: Մեր ուժերու ներածին չափով կ’ընենք ամէն բան, երբեմն կ’ընենք նոյնիսկ անհնարինը»,-շեշտեց սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը:

Տեսակապի աւարտին քննարկուեցան նաեւ համայնքի մշակութային կեանքն աշխուժացնելուն ուղղուած ձեռնարկներու սակաւութեան, հայ-հնդկական առնչութիւններու վերաբերեալ հետազօտութիւններուն առնչուող հարցեր:

Scroll Up