Պրազիլէն Ժամանած Պատուիրակութիւնն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

2019 թուականի մարտ 2-ին Հայաստան մաս պիտի կազմէ Պրազիլի ազգային փառատօնին: Նախաձեռնողը պրազիլական սամպայի ամենահեղինակաւոր դպրոցներէն մէկն է` Սան Փաուլօ քաղաքի «Ոսկէ վարդեր»-ը, որուն պատուիրակութիւնը հոկտեմբեր 26-ին հիւրընկալուած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ: Պրազիլէն ժամանած հիւրերը ընդունեց ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր Գրիգորեան: Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Պրազիլի հայկական համայնքի ներկայացուցիչ Ներսէս Եէկիներեան, Սան Փաուլոյի «Ոսկէ վարդեր» սամպայի դպրոցի ատենապետուհի Նժելինա Պազիլիոն, ընկերային հարցերով տնօրէն Վանեսա Տիաս Տէ Օլիվեյրան, առեւտրական հարցերով տնօրէն Քարլոս Ռենատօ Քանտիտօ Պառոսը, տնօրէն Էվանտրօ Սուզա Սիլվան, ձեւաւորող Անտրէ Ֆեռեյռա Մաշատոն, ինչպէս նաեւ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայաստանի մէջ Պրազիլի Դաշնային Հանրապետութեան դեսպան Ակեմար տէ Մենտոնսա Սանկտոսը, Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Արթուր Խաչատրեանը, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ Լեւոն Աբրահամեանը, Արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակից Մարիամ Գէորգեանը, «Հայ-պրազիլական մշակութային տնտեսական ֆորում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Գայեանէ Գէորգեանը, քարտուղար Անի Գէորգեանը, սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ողջունեց պատուիրակութեան անդամները` կարեւոր համարելով անոնց կատարած աշխատանքը:

Հայաստանի մէջ  Պրազիլի Դաշնային Հանրապետութեան դեսպան Ակեմար տէ Մենտոնսա Սանկտոսը նշեց` ուրախ է, որ իր համաերկրացիներու միջոցով միլիոնաւոր մարդիկ հնարաւորութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու Հայաստանի հարուստ պատմութեան ու մշակոյթին:

Հանդիպման «Ոսկէ վարդեր»-ու ներկայացուցիչները մանրամասննութիւներ ներկայացուցին փառատօնի ծրագիրին մասին` նշելով, որ 5 առանձին թեմաներու միջոցով պիտի ներկայացնեն հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութիւնը, մշակոյթը, պիտի անդրադառնան Հայոց ցեղասպանութեան թեմային, Պրազիլի հայկական համայնքին ու հայ-պրազիլական յարաբերութիւններուն:

Աւարտին  ժամանած պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար:

 

Scroll Up