Ուրարտական Արուեստի Բացառիկ Նմուշներ Կը Ցուցադրուին Լոնտոնի Բրիտանական Թանգարանին ՄԷջ

Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանին մէջ 2018 թ. նոյեմբեր 8-ին կը բացուի «Ես եմ Աշուրպանիփալը` Աշխարհի արքայ, Ասորեստանի արքայ» խորագիրով միջազգային ցուցահանդէսը, որ պիտի գործէ մինչեւ 2019 թուականի փետրուար 24:

Ցուցահանդէսին կը ներկայացուի 200 նմուշ. 120-ը Բրիտանական թանգարանի  հաւաքածուէն, իսկ 80-ը կը փոխառուին Հայաստանի պատմութեան թանգարանէն, Փարիզի, Պեռլինի, Ս. Փեթերսպուրկի, Վատիկանի եւ Նիքոսիոյ յայտնի թանգարաններէն:

Հայաստանի պատմութեան թանգարանը ցուցահանդէսին կը ներկայանայ ուրարտական արուեստի 10 բացառիկ նմուշներով, որոնք, ըստ Բրիտանական թանգարանի մասնագէտներու եւ ներկայիս ցուցահանդէսի համակարգող Կարետ Պրերետոնի, առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունին իրենց ցուցադրութեան համար` որպէս բացառիկ եւ արժէքաւոր վկայութիւն այդ ժամանակաշրջանին տարածաշրջանի` Ասորեստանի, Արեւմտեան Իրանի եւ խեթական պետութիւններու արուեստի ու մշակոյթի ծիրին մէջ:

Հայաստանի պատմութեան թանգարանի մասնակցութիւնն այս ցուցահանդէսին աշխարհի ամենահեղինակաւոր հարթակներէն մէկուն մէջ` Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանին, Հայաստանի եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան արժեւորման եւ հանրահռչակման բացառիկ հնարաւորութիւն է:

Scroll Up