Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Պելառուսիոյ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Աշխատանքային այցով Պելառուսիոյ Հանրապետութիւն գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները հոկտեմբեր 29-ի երեկոյեան հանդիպած են Պելառուսիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հանդիպման մասնակիցները, որոնք ոչ միայն համայնքային կազմակերպութիւններու, այլեւ Պելառուսիոյ գործարար եւ գիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ էին: «Ինծի համար կարեւոր ու հաճելի է արտերկիր այցերը սկսիլ հայ համայնքի հետ հանդիպումներով, քանի որ ատոնք հարազատ վայրի մէջ գտնուելու զգացողութիւն կը հաղորդեն: Կ’ուզէի, որ երկխօսութիւն ծաւալուի, եւ լսէի ձեզ յուզող հարցերուն ու Հայաստանի իշխանութիւններէն ձեր ակնկալիքներուն մասին»,- ըսած է նախագահ Սարգսեան:
Անմիջական զրոյցի ընթացին խօսուած է հայ-պելառուսական յարաբերութիւններու, երկկողմ տնտեսական եւ մշակութային կապերու խորացման գործին մէջ հայ համայնքի դերի, համատեղ ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ համայնքային կեանքին վերաբերող հարցերու մասին: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան – Սփիւռք յարաբերութիւններուն, սփիւռքի ներուժն օգտագործելու հնարաւորութիւններուն, Հայաստանի զարգացման հեռանկարներուն:
Նախագահը պատասխանած է Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերուն, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ ներկայացուցած այցի ծիրէն ներս նախատեսուող հանդիպումներու մասին:
Անդրադառնալով Մինսքի մէջ կայանալիք Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի հիմնական խումբի հանդիպման Հայաստանի պատուիրակութեան մասնակցութեան` նախագահ Սարգսեան կարեւոր համարած է միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու եւ հեղինակաւոր հարթակներու մէջ Հայաստանի ներկայութիւնը, որ հնարաւորութիւն կու տայ երկրին նորովի հանդէս գալու միջազգային յարաբերութիւններու մէջ:
Համայնքի ներկայացուցիչները կարեւոր համարած են Հայաստանի ղեկավարութեան հետ նման շփումները` նշելով, որ ատոնք թոյլ կու տան իրենց հայրենիքի մասնիկը զգալու, տեղեկանալու Հայաստանի մէջ կատարուող գործընթացներուն եւ հնարաւորինս ներգրաւուելու տնտեսապէս ուժեղ եւ բարեկեցիկ հայրենիք կառուցելու գործին մէջ: