Ռումանիոյ Կոնստանցա Քաղաքին ՄԷջ Հանդիսաւորութեամբ Նշուեցաւ Տեղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ուխտի Օրը

Հոկտեմբեր 21-ին մեծ շուքով նշուեցաւ Կոնստանցայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ուխտի օրը: Այդ առիթով ծուխի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Օշական քահանայ Խաչատրեանի եւ տեղի ծխական խորհուրդի հրաւէրով շուրջ 200 ուխտաւորներ ժամանած էին Ռումանիոյ Հայոց թեմի շարք մը ծուխերէն ու համայնքներէն, ինչպէս նաեւ Պուլկարիոյ Շումեն քաղաքէն:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Ռումանիոյ Հայոց թեմի մամլոյ դիւանէն, առաւօտեան ձեռամբ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեանի մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, յաւարտ որուն, ծուխի արժանաւոր զաւակներէն մէկը, յայտնի թատերագէտ եւ մշակութային գործիչ Անահիտ Տաւիտեան արժանացաւ Առաջնորդական օրհնութեան գիրի եւ գնահատանքի, ուր մասնաւորապէս ըսուած է. «Անահիտ Տաւիտիանն այն անձնուէր հայորդիներէն է, որ մշտապէս եւ ամէնուր բարձր կը պահէ հայու անունն ու պատիւը` հպարտութեան զգացողութիւններ ծնելով մեզմէ իւրաքանչիւրի հոգիին մէջ: Անուրանալի եւ անգնահատելի է այն վաստակը, որ 30 եւ աւելի տարիներ շարունակ ունիք Կոնստանցա քաղաքի թատրոնի եւ, ընդհանրապէս, մշակոյթի եւ արուեստի զարգացման գործին մէջ: Ձեր անմնացորդ նուիրումը, արհեստավարժութիւնը եւ կատարելութեան հասնող պատասխանատու վերաբերմունքն իր պտուղները տուած է եւ կը շարունակէ տալ` զարգացնելով ու աշխուժացնելով տեղի մշակութային կեանքը: Դուք արժանի յետնորդն էք նշանաւոր Տաւիտիան ընտանիքին` շարունակելով Ձեր նախնիներու հայրենանուէր ու ազգանուէր գործը: Ուրախ ենք, որ չնայած Ձեր բազմազբաղ ըլլալուն, կեանքի եւ ընտրած ասպարէզի պարտադրած պարտականութիւններուն, գործուն մասնակցութիւն կը բերէք նաեւ Կոնստանցայի հայ եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքի հաւաքական կեանքէն ներս ընթացող իրադարձութիւններուն` Ձեր կնիքը դրոշմելով ազգային եւ եկեղեցական ասպարէզին մէջ»:
Պատարագի աւարտէն ետք եկեղեցւոյ ընդարձակ պարտէզին մէջ կատարուեցաւ մատաղօրհնութիւն եւ Սրբազանն իր օրհնութիւնը բաշխեց մատաղը պատրաստողներուն, ներկայ հաւատաւոր բազմութեան` քաջալերելով ու ոգեշնչելով բոլորը իրենց յետագայ ծրագիրներու իրականացման ճանապարհին` կարեւորելով իւրաքանչիւր անհատի առաքելութիւնն ու նուիրական աշխատանքն իր կեանքի ընթացքին:
Պահպանելով հարիւրակներ ի վեր եղող աւանդութիւնը` այսօր ալ մատաղի պատրաստութեան ողջ գործընթացը Կոնստանցայի մէջ կը կազմակերպուի ու կը կատարուի եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ, տեղի հայ համայնքի արժանաւոր հայորդիներու ձեռամբ: Օրհնութենէն յետոյ մատաղը բաժնուեցաւ ներկայ ուխտաւորներուն:
Այնուհետեւ հիւրերը եւ բոլոր ներկաները շարժեցան Իբիս հիւրանոցային համալիր, որուն ընդարձակ «Փրիստիժ» սրահին մէջ Տաթեւ Սրբազանի օրհնութեամբ, Տ. Օշականի ջանքերով եւ Ռումանահայոց միութեան Կոնստանցայի մասնաճիւղի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած էր լուսանկարներու ցուցահանդէս` նուիրուած տեղի հայ համայնքի եկեղեցական ու մշակութային աշխոյժ կեանքին 1930-ականներէն մինչեւ 1990-ական թթ.: Ցուցահանդէսը բաղկացած էր չորս ցուցադրութիւններէ` «Կոնստանցայի հայկական դպրոցը», «Կոնստանցայի հայ համայնքի մշակութային ու թատերական կեանքը», «Դրուագներ Կոնստանցայի հայ համայնքի կեանքէն» եւ «Կոնստանցայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան եւ ուխտի օր»: Բոլոր լուսանկարները Տ. Օշականի նախաձեռնութեամբ տրամադրուած էին հէնց տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ, իրենց ընտանեկան արխիւներէն, որուն արդիւնքով փաստօրէն ի մի բերուած էր 20-րդ դարու Կոնստանցայի հայ համայնքի աշխոյժ կեանքի բոլոր դրուագները` թատրոն, պարախումբ, երգարուեստ, հայկական դպրոց, մատաղօրհնութիւն եւ այլն:
Տօնական օրուան նուիրուած բոլոր ձեռնարկները լուսաբանելու եկած էին Ռումանիոյ Հանրային հեռուստաընկերութիւնը Պուխարեստէն, ինչպէս նաեւ տեղական մամուլի ու ձայնասփիւռի ներկայացուցիչները:
Ցուցահանդէսէն յետոյ տօնական տրամադրութիւնը շարունակուեցաւ միեւնոյն սրահին կից, ուր Ռումանահայոց միութեան Կոնստանցայի մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուած էր ճաշկերոյթ եւ սիրոյ ճաշ: