Երեւանի 2800-ամեակին Առիթով` Վիլնիւսի Կամուրջները Լուսաւորուած են Հայոց Եռագոյնով

«Ի նշանաւորումն Երեւանի 2800-ամեակի` Վիլնիւսի քաղաքապետարանը հոկտեմբեր 19-20 Վիլնիւսի երեք կեդրոնական կամուրջները լուսաւորած է Հայոց եռագոյնով: Սպիտակ կամուրջը լուսաւորուած է կարմիր գոյնով, Կանաչ կամուրջը` կապոյտով, իսկ Մինդաուգասի կամուրջը` ծիրանագոյն:

Շնորհակալ ենք Վիլնիւսի քաղաքապետարանին եւ անձամբ քաղաքապետ Շիմասիւսին այս գեղեցիկ եւ իւրօրինսկ նուէրի համար»,- «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, այս մասին կը յայտնէ Լիթուանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան Ֆէյսպուքեան էջը:

 

Scroll Up