Նիկոլ Փաշինեան Ներկայ Պիտի Գտնուի Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ձեռնադրութեան 50-ամեակի Առիթով ՄատուցուողՊատարագին

Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին (GMT ժամը 6:30-ին), Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով պիտի պատարագէ եւ իր պատգամը ուղղէ մեր ժողովուրդին։

Պատարագին ներկայ պիտի գտնուին Լիբանանի իշխանութեան պետերու ներկայացուցիչներ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Վսեմաշուք Նիկոլ Փաշինեան։

Պատարագը ուղղակի պիտի սփռուի արբանեակային Noursat Broadcast պատկերասփիւռի կայանին կողմէ։

 

Scroll Up