Նոր Ջուղայի ՄԷջ Հայոց Ազգային Աւագ Դպրոցներու Շրջանաւարտները Հանդիսութեամբ Հրաժեշտ Տուին դպրոցական Ուսումնառութեան

Հոկտեմբեր 11-ի երեկոյեան Նոր Ջուղայի Հայոց ազգային կրթահամալիրի Ալենուշ Տէրեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Քանանեան» իգական եւ «Կատարինեան» արական աւագ դպրոցներու շրջանաւարտ աշակերտ-աշակերտուհիներու աւարտականի վկայականաբաշխման հանդիսութիւնը: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին նոր Ջուղայէն կը յայտնէ Երանուշ Թահմազեան, ներկաները ողջունեցին հանդիսավարներ`Արփինէ Մովսիսեան եւ Դուին Յովհաննիսեան,որմէ յետոյ ելոյթ ունեցաւ դպրոցի երգչախումբը` Նարպէյ Գրիգորեանի ղեկավարութեամբ: Յաջորդիւ շրջանաւարտ աշակերտ-աշակերտուհիները, ղեկավարութեամբ «Քանանեան» դպրոցի փոխտեսուչ Ռիմա Սիմոնեանի, գրադարանապետ եւ ուսուցչուհի Կարին Տէր-Մարտիրոսեանի եւ պարուսոյց Նունէ Մկրտչեանի, հանդէս եկան խօսքի, երգի, պարի եւ երաժշտութեան կատարումներով, որ աւարտեց շնորհակալական խօսքերով եւ ծաղիկներ նուիրելով` զոյգ դպրոցներու պատասխանատուներուն, ուսուցչական կազմին ու աշխատակազմին, որոնց ներկայացուցիչները հանդէս եկան շնորհաւորանքներով, բարեմաղթանքներով ու յորդորներով:
Երեկոն շարունակուեցաւ Կարին Տէր-Մարտիրոսեանի հաղորդավարութեամբ, որ ներկաներուն հրաւիրեց դիտելու դպրոցին մէջ իրականացուած լուսանկարները: Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ Շահինշահրի հոգեւոր տեսուչ Տ.Անանաիա ծ. վրդ Գուճանեանին, որ Սպահանի Հայոց թեմ աւարտելով իր առաքելութիւնը` մօտ օրերուն կը հեռանայ Նոր Ջուղայէն: Հայր Սուրբի ելոյթի աւարտին ներկաները յոտնկայս եւ երկարատեւ ծափահարութիւններով գնահատեցին եւ արժեւորեցին Հայր Սուրբի մատուցած ծառայութիւնն ու Հայոց դպրոցներուն մէջ ունեցած անոր վաստակը, իսկ դպրոցականները պատասխանատուներու ձեռամբ յուշանուէր յանձնեցին Հայր Սուրբին:
Յաջորդ բաժինին մէջ կատարուեցաւ շրջանաւարտներու Երդման կարգ եւ վկայականներու յանձնման արարողութիւնը, ապա ելոյթ ունեցաւ թեմի Կրթական խորհուրդի ներկայացուցիչ` Նարպէյ Ջարդն Տաւուտը:
Երեկոյի եզրափակիչ խօսքը վերապահուած էր Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ.Սիփան եպիսկոպոս Քեչեճեանին, որուն հովանաւորութեամբ կայացած էր նշուած հանդիսութիւնը:
Երեկոյի աւարտին Միասնական լուսանկարուելէ ետք շրջանաւարտներ գլխարկները վեր նետեցին եւ շնորհաւորանքներ ընդունելէ ետք մասնակցեցան Կրթահամալիրի կեդրոնական դահլիճին մէջ տեղի ունեցած Ծնողական խորհուրդի միջոցով կազմակերպուած ընդունելութեան:
Լուսանկարները` հեղինակի