«Նիկոլ Փաշինեանն Իր Այցելութեամբ Ոգեւորեց Մեզ». Սուրիահայ Հայրենադարձ

Սուրիահայ Սահակ Քեշիշեան Հիւսիսային պողոտային վրայ սփիւռքի նախարարութեան, «Հայկական Կարիտաս» բարեսիրական ՀԿ-ի, ՄԱԿ ՓԳՀ հայաստանեան գրասենեակի, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ բացուած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագիրով բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառի մասնակիցներէն է:

Սահակը կնոջ եւ երկու երեխաներուն հետ վեց տարի առաջ  սուրիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած է: Վերնիսաժի մէջ իր պատրաստած արծաթեայ զարդերը կը վաճառէ, ինչպէս նաեւ թանկարժէք քարեր ոսկիի վրայ կ´ամրացնէ: Այս աշխատանքով զբաղած  է Հալէպ ապրելու տարիներուն:

«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Սահակը նշեց, որ սկզբնական շրջանին Երեւանի մէջ, ի հարկէ, դժուարութիւններու բախուած են, սակայն չեն յուսալքուած. ժամանակի ընթացքին ներգրաւուած են հայաստանեան կեանքին, ընկերական շրջապատ ձեւաւորած եւ առաջ ընթացած:

 «Հայրենիքի մէջ հաստատուելու միտքը մեզի շատ կ´ոգեւորէ եւ ուժ կու տայ: Իմ ու կնոջս մտահոգութիւնն էր, որ մեր երեխաները պահպանէին ինքնութիւնն ու լեզուն, այդ պատճառով ալ առանց վարանելու, որոշեցինք Հայաստան գալ` վստահ ըլլալով, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ»,-ըսաւ Սահակ Քեշիշեան` աւելցնելով, որ ազգային համախմբուածութեան շնորհիւ միայն` կարող ենք յաղթահարել մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները  եւ հզօր Հայաստան կերտել:

Մեր զրուցակիցը նշեց, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններուն սիրով կը մասնակցի, որովհետեւ աւելի շատ մարդիկ կը սկսին ճանչնալ իրենց, որ կ´օգնէ նոր յաճախորդներ ունենալ:

Զրոյցի ընթացքին Սահակ Քեշիշեան անդրադաձաւ նաեւ այսօր սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանի ուղեկցութեամբ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի` ցուցահանդէս-տօնավաճառ այցին` նշելով, որ տպաւորուած է Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումով, որ զրոյցի ընթացքին հետաքրքրուած է սուրիահայերու հիմնախնդիրներով եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու եւ համատեղ ուժերով յաղթահարելու առկայ խոչընդոտները:

Սահակ Քեշիշեան յիշեց, որ Նիկոլ Փաշինեան անցեալին նաեւ  եկած է ցուցահանդէս-տօնավաճառներու եւ հետաքրքրուած անոնց մտահոգութիւններով:

Աւելցնենք, որ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագիրով բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառն այս անգամ նուիրուած էր Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին:

Գէորգ  Չիչեան

 

Scroll Up