Երեւանի ՄԷջ Բացուած Է Ֆրանսահայ Լուսանկարիչ Գրիգոր Ճօլօլեանի Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/10/2-5.jpg)
Հոկտեմբեր 10-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ բացուեցաւ «Գրիգոր Ճօլօլեան. Փարիզի հայ լուսանկարիչը» խորագիրով ցուցահանդէսը:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի կայք-էջին, կը յայտնէ, որ բազմաթիւ հիւրերու, լրատուամիջոցներու, ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոտի ներկայութեամբ ՀՑԹԻ տնօրէն Յարութիւն Մարութեան հանդիսաւոր խօսքով բացաւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Գրիգոր Ճօլօլեանի որդին` Պատրիս Ճօլօլեան, որ եւ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց հօր գործունէութիւնն ինչպէս Ֆրանսայի, այնպէս ալ Սթամպուլի մէջ եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայկ Դեմոյեանին ցուցադրութեան աջակցելու համար: Ցուցադրութեան մէջ ընդգրկուած են ֆրանսահայ լուսանկարիչ Գրիգոր Ճօլօլեանի հազուագիւտ ու անտիպ լուսանկարներ, որոնք կը ներկայացնեն 1930-40-ականներու փարիզեան իրականութիւնը, ֆրանսահայ համայնքի, Փարիզի ազատագրման եզակի դրուագները: Պիտի ցուցադրուին նաեւ լուսանկարի ֆոտոխցիկները: Պոլսոյ որբանոցներէն մինչեւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք, խոստումնալից մարզիկէն մինչեւ ճանչցուած լուսանկարիչ: Սա է Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածի կեանքի ոդիսականը, կեանք, ուր կրնան արտացոլուիլ նմանօրինակ շատ ճակատագրեր:
Գրիգոր Ճօլօլեանն այն հայորդիներէն էր, որոնք վերապրելով Հայոց ցեղասպանութիւնը, վերջնականօրէն հանգրուանեցին Ֆրանսա` դառնալով ֆրանսական մեծ ընտանիքի անդամը եւ, որպէս օրինակելի ու ստեղծագործող քաղաքացի, իրենց ձեռագիրը ձգեցին Ֆրանսայի պատմութեան մէջ: Երբեմնի յաջողակ մարզիկը դարձաւ լուսանկարիչ` շարունակելով մարզական լուսանկարչութեան աւանդոյթները:
Ֆրանքոֆոնիայի XVII-րդ գագաթնաժողովը եզակի առիթ կ՛ընձեռէ յիշատակելու եւ ֆրանքոֆոն ընտանիքին ներկայացնելու հայ-ֆրանսական պատմութեան ու յիշողութեան այս բացառիկ դրուագները: Ցուցադրութեան մէջ պիտի ներկայացուին նաեւ ֆրանսահայ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի եզակի լուսանկարները:
Լուսանկարները տրամադրած է լուսանկարիչի որդին` ՀՑԹԻ բարեկամ Պատրիս Ճօլօլեան:
Ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու մուտքն ազատ է եւ բաց կ՛ըլլայ մէկ ամիս:
Լուսանկարները` Մեդիամաքսի եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին