«Մենք Ուժեղ Հայաստան Կը Տեսնենք Ուժեղ Սփիւռքով, Ուժեղ Սփիւռքը` Ուժեղ Հայաստանով». Մխիթար Հայրապետեան

«Երբեմն նիւթականը աւելի անկարեւոր է, քան հայրենիքի հոգատարութիւնը, ուշադրութիւնն ու սէրն այն մարդոց հանդէպ, որոնք ամենաշատն ունին այդ ամէնուն կարիքը: Եւ երբ կը քալէի Հալէպի Նոր գիւղ հայկական թաղմասին մէջ, այնտեղ ապրող հայերը սկիզբը զարմանքով նայեցան զիս, յետոյ զգացին, որ ես իմ հետ տարած եմ այդ սէրը»,-վերյիշելով Սուրիա կատարած այցը` կ´ընդգծէ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը: Հայաստան պէտք է ընէ իր լաւագոյնը, նոյնիսկ անհնարինը, որ ընդունի սուրիահայերուն` ստեղծելով պայմաններ ապրելու, արարելու ու ստեղծագործելու համար:

Նախարարը կ´ամփոփէ մերձաւորարեւելեան երկիրներ կատարած այցերն ու կ´առանձնացնէ համայնքային  շարք մը խնդիրներ, որոնք հիմնականին մէջ կը վերաբերին ուսուցիչներու սակաւութեան, անոնց վերապատրաստման անհրաժեշտութեան, Հայաստանէն հեռարձակուող հաղորդաշարերու բովանդակային շեշտադրումներուն, արեւմտահայերէնի պահպանման, ձուլման վտանգներուն, հայրենիքի հետ կապի աշխուժացման: Նախարարութեան մէջ արդէն իսկ ձեւաւորուած աշխատանքային խումբերը կը փորձեն լուծումներ գտնել, մշակել ռազմավարութիւններ եւ ընել գործնական քայլեր:

«Մենք ունինք բացառիկ հնարաւորութիւն սփիւռքի հետ մեր կապերը, աշխատանքը վերաժեւորելու եւ մաքուր էջէ սկսելու համար: Բոլոր սփիւռքահայերուն համար մենք դեսպան ենք կառավարութեան մէջ: Չեն ըլլար սփիւռքեան այնպիսի անհատներ, կառոյցներ, կուսակցութիւններ ու կազմակերպութիւններ, որոնք կ´ըլլան մերժուած»,- կը շեշտէ նախարարն ու կ´աւելցնէ, որ եթէ կայ Հայաստանի հետ աշխատանքի, Հայաստանի ու Արցախի տնտեսական կայուն զարգացման, անվտանգութեան, հայապահանութեան, հայրենիք-սփիւռք կապի ամրապնդման օրակարգ, ապա նախարարութիւնը պատրաստ է համագործակցութեան ու համատեղ աշխատանքի:

Այսօր սփիւռքի նախարարութիւնը նոր առաջնահերթութիւններ ու գործելաոճ ունի, որ յստակ ուղերձ կը փոխանցէ սփիւռքահայերուն: Այդ ուղերձը սփիւռքի նախարարը կը բանաձեւէ հետեւեալ կերպ. «Եթէ դուք որոշած էք գալ Հայաստան, պետութիւնն այսօր կ´ընէ լաւագոյնը պայմաններ ու հնարաւորութիւններ ստեղծելու համար, որ դուք ձեզ զգաք ինչպէս ձեր տունը, այլեւս երբեք չմտածէք Հայաստանէն կրկին հեռանալու մասին, ներդաշնակ ըլլաք ձեր հողին վրայ: Բայց միեւնոյն ժամանակ, եթէ դուք որոշած էք մնալ ձեր բնակութեան վայրին մէջ, ապա մենք պատրաստ ենք ձեզ հետ աշխատելու եւ օգնելու: Մենք ուժեղ Հայաստան կը տեսնենք ուժեղ սփիւռքով, ուժեղ սփիւռքը` ուժեղ Հայաստանով»:

Խօսելով յառաջիկայ ծրագիրներու մասին` Մխիթար Հայրապետեան  կ´առանձնացնէ Եգիպտոս-Կիպրոս-Յունաստան-Հայաստան սփիւռքի հարցերով քառակողմ համաձայնագիրի կնքումը, որ Հայաստանի նախաձեռնութեամբ տեղի կ’ունենայ Երեւանի մէջ հոկտեմբերի վերջը, երբ այստեղ կը ժամանեն  Եգիպտոսի ներգաղթի եւ եգիպտացի արտագաղթածներու նախարար Նապիլա Մաքրամը, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի արտերկրեայ եւ հումանիտար հարցերով յանձնակատար Ֆոթիու Ֆոթիսը եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Տէրենս-Նիքոլաոս Քուիքը:

Ահա այսպէս, նախարարութիւնն ամէն օր կը փորձէ մէկ քայլ առաջ անցնիլ ամէնօրեայ նուիրուած աշխատանքով, սկզբունքայնութեամբ, վճռականութեամբ ու յեղափոխական մտածողութեամբ` հաշուի առնելով առողջ քննադատութիւնն ու կարեւորելով թիմային ոգին, փոխադարձ սէրը, հոգատարութիւնն ու պատասխանատուութիւնը:

 

Scroll Up