ՀՀ Նախագահին Շնորհուեցաւ Համաշխարհային Պետական Գործիչի Մրցանակը «Կը Հաւատամ, Որ 21-րդ Դարը Հայաստանի Դարն Է»
Նիւ Եորքի մէջ Հոկտեմբեր 3-ին տեղի ունեցած է Արեւելք-Արեւմուտք հիմնարկի տարեկան 25-րդ կալա մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ներկայ եղած են անուանի պետական, հասարակական ու քաղաքական գործիչներ, դեսպաններ, գործարարներ, ամերիկահայ համայնքի անդամներ:
Միջազգային այս հեղինակաւոր կառոյցը իր տարեկան մրցանակը աւանդաբար կը շնորհէ այն անձերուն, որոնք կը յատկանշուին իրենց փայլուն առաջնորդութեամբ, նորարարութեամբ եւ իբրեւ փոփոխութեան յառաջամարտիկ` գործելու կարողութեամբ:
Հիմնարկի համահիմնադիր, ամերիկացի դիւանագէտ Ճոն Էտուին Մրոզի անուան Համաշխարհային պետական գործիչի մրցանակը այս տարի շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին:
Մրցանակը յանձնելու արարողութեան ժամանակ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Արեւելք-Արեւմուտք հիմնարկի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Ռոս Փերոթ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով պատուոյ մրցանակին համար` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան իր ելոյթի ընթացքին ըսած է. «Ինծի համար մեծ պատիւ է այստեղ ներկայացնել իմ ժողովուրդս եւ պետութիւնս: Ես իսկապէս ունիմ ապագայի մասին երազանք կամ տեսլական, որ կը ներառէ նաեւ այն փաստը կամ իրողութիւնը, որուն մենք կ՛առերեսուինք. այն է` աշխարհը դէպի ո՞ւր կը շարժի»:
«Եթէ 20-րդ դարը բնական պաշարներու եւ, անկէ մեկնելով, քաղաքական ու այլ ուժերու դարն էր, ապա 21-րդ դարը ուրիշ բան պիտի ըլլայ:
21-րդ դարը հետազօտութիւններու զարգացման, նոր արհեստագիտութիւններու դար է: 21-րդ դարը այն ժամանակաշրջանն է, երբ ամէն բան պիտի կատարուի եւ ղեկավարուի նոր գաղափարներու, նոր հետազօտութիւններու միջոցով, անո՛նց կողմէ, որոնք արագ են, երիտասարդ` անկախ տարիքէն, եռանդուն: Այս պիտի ըլլայ 21-րդ դարը, քաղաքականութիւնը այլ ձեւով պիտի իրականացուի:
«Ես իսկապէս կը հաւատամ, որ 21-րդ դարը Հայաստանի դարն է, հետեւաբար, կը կարծեմ, որ մենք յաղթանակած պիտի ըլլանք: Ուրախ եմ հայ ազգի մասը ըլլալուս:
«Մենք փոքր երկիր ենք, բայց համաշխարհային ազգ` 21-րդ դարու ազգ: Շատ չեն այսպիսի ազգերը, սակայն ես հաւատացած եմ, որ փոքր պետութիւն ունեցող, բայց համաշխարհային ազգերը, որոնք ունին համաշխարհային փոխկապակցուածութիւն, կրնան համախմբուիլ ու կառուցել իրենց երկիրը: Այս է ապագան», ըսած է նախագահ Սարգսեան: