Զապորոժիէ Քաղաքին ՄԷջ Բացուած Է Հայոց Այբուբենին Նուիրուած Յուշարձան

Ուքրանիոյ Զապորոժիէ քաղաքին մէջ իրականացուող Հայկական մշակոյթի օրերու ծիրէն ներս հայկական եկեղեցւոյ տարածքին մէջ հանդիսաւորութեամբ բացուած է յուշարձան` նուիրուած հայոց այբուբենին: Ինչպէս կը տեղեկացնէ analitikaua.net-ը, բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ  եղած Զապորոժիէի մարզպետ Կոնստանտին Պրիլը, Ուքրանիոյ հայերու միութեան գործադիր տնօրէն Յովակիմ Յարութիւնեան, Զապորոժիէի շրջանի հայերու միութեան  Արտաշէս Սարգսեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեան:

Ուքրանիոյ հայերու միութեան տեղեկատուութեան համաձայն, այն Հայաստանէն դուրս ամենախոշոր յուշարձաններէն է` նուիրուած հայոց այբուբենին:

«Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վիլեն Շատուորեանի անունով, կը շնորհաւորեմ հայ մշակոյթի կարեւոր եւ վառ խորհրդանիշերէն մէկուն բացման արարողութեան առթիւ, որ իր տեսակով միակն է Ուքրանիոյ տարածքին մէջ: Զապորոժիէ համայնքն իր աշխատանքով բարձր նշաձող կը սահմանէ եւ այս ձեռնարկը ատոր վառ ապացոյցն է»,- նշած է Յովակիմ Յարութիւնեան:

 

Scroll Up