Միշիկընի Ծերակոյտը Ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւնը

Միշիկընի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը յայտնէ, թէ Միշիկըն նահանգի ծերակոյտը ընդունած է բանաձեւ մը, որմով կոչ կ՚ուղղէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրէսին՝ ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ մշակութային կապեր հաստատելու Արցախի հետ եւ աջակցելու Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան ու կայունութեան:
Նշենք, որ Միշիկընը ԱՄՆ-ի 8-րդ նահանգն է, որ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: